ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ինչպէս հաղորդած էինք Հինգշաբթի օրուան թիւով, Եւրոխորհրդարանի նորընտիր անդամներուն կողմէ Թուրքիոյ մասին պատրաստուած հերթական զեկոյցին մէջ, Թուրքիոյ հասցէին շարք մը սովորական դարձած քննադատութեան կողքին, կար նաեւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները առանց նախապայմանի վաւերացնելու կոչ մը:
Չորեքշաբթի օր վաւերացուած տեղեկագրին մէջ կարեւոր տեղ տրամադրուած էր նաեւ ազգայնամոլներու «Էրկենեքոն» ահաբեկչական խմբակին հարցով հետապնդումներուն:
Եւրոխորհրդարանականները մտահոգութեամբ կը հետեւին Թուրքիոյ մէջ բացայայտուող դաւադրական այս ծրագիրներուն, միաժամանակ ճնշում բանեցնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ, որ «Էրկենեքոն»ի դատավարութիւնը օգտագործելով՝ «մաքրագործութեան» դիմէ, փաստելու համար, որ ժողովրդավարական հիմքերու վրայ մէջտեղ եկած պետական կառոյցներն ու իրաւական համակարգը ամէն ինչէ եւ բոլորէն գերիվեր են։
Վերջին վայրկեանին կատարուած փոփոխութիւնով մը, Եւրոպական խորհրդարանը իր մտահոգութիւնը յայտնեց վերջերս բացայայտուած «լախտի հարուած» կոչուած պետական յեղաշրջման ծրագրին կապակցութեամբ։
Քննադատուեցաւ նաեւ սահմանադրական ատեանի այն որոշումը, որ կը ջնջէր զինուորականները աշխարհիկ դատարաններու մէջ եւս դատելու նախկին որոշումը, որ որդեգրուած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ջանքերով:
Եւրոխորհրդարանի կարգ մը անդամներ դիտել տուին, որ ատեանին այս որոշումը լուրջ հարուած մըն է Թուրքիոյ մէջ իրագործուած բարեփոխումներուն, դարձեալ յիշեցնելով, որ ժողովրդավար երկրի մը մէջ բանակը պէտք է աշխարհիկ ուժերու հակակշռին տակ մնայ։