– «Թիւրքիյէ» օրաթերթը կը գրէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Մուրաթ Քարայըլան Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ գործակցութենէն մտահոգ է։ «Ամերիկեան օդանաւեր տեղեկութիւններ հաւաքելու համար քրտական ճամբարներու վերեւ թռիչք կը կատարեն։ Թուրքիան եւ անոր զօրավիգ կանգնող Միացեալ Նահանգները կը փորձեն պարտադրել մեզի, որ անձնատուր ըլլանք։ Եթէ թրքական օդանաւեր քրտական դիրքեր ու ղեկավարներ հարուածեն, ապա մենք Միացեալ Նահանգները թիրախ պիտի դարձնենք», սպառնացած է ան։
– «Ճիւմհիւրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ փոխադարձաբար մուտքի արտօնագիրներուն ջնջումէն ետք, Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող քաղաքները, մասնաւորաբար Այնթապը, առեւտուրի նկատառելի աճ արձանագրած են։ Սուրիացիներու մեծ բազմութիւն մը Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը կանուխ առաւօտուն կը ժամանեն այդ քաղաքները՝ այցելելու համար անոնց առեւտրական համալիրները։
– Եգիպտական շարժապատկերի ընկերութիւն մը որոշած է նկարահանել պատկերասփիւռի ֆիլմաշար մը, որ պիտի ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերը ու «թշնամիին՝ արաբական հողամասեր ներխուժումը կանխարգիլելու սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի պայքարը»։ Նկարահանումները տեղի պիտի ունենան Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ: