ԵՐԵՒԱՆ, «Tert.am».- Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կարելի է ընկերային յարաբերութեանց նուիրուած ամերիկեան հռչակաւոր «Facebook» ցանցին հայերէն տարբերակը օգտագործել:
Արեւելահայերէն տարբերակը կը գործածուի Հայաստանի մէջ, սակայն կը նախատեսուի, որ սպասարկութեան արեւմտահայերէն տարբերակը եւս տրամադրելի ըլլայ մօտիկ ապագային:
Այս ծրագիրը իրականացնելու համար, խումբ մը թարգմանական կամաւոր աշխատանքի նախաձեռնած էր անցեալ Հոկտեմբերին, իսկ հայ ու օտար մտաւորականներու միջեւ կապեր հաստատելու նպատակով գործող «ARMACAD» միութիւնը ստանձնած էր կազմակերպչական աշխատանքները: