Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւը յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին քուէարկութեան պիտի դրուի Շուէտի խորհրդարանին մէջ։
Շուէտի ընդդիմադիր Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւնը երեք ամիս առաջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող փաստաթուղթ մը որդեգրած էր եւ որոշում կայացուցած՝ զայն քուէարկութեան համար խորհրդարան ներկայացնել։
Նման բանաձեւ մը 2007ին ներկայացուած էր Շուէտի խորհրդարան, սակայն անիկա չէր որդեգրուած։ Սակայն այս անգամ, ըստ թրքական օրաթերթին, բանաձեւին կ՛աջակցին նաեւ աջակողմեան կուսակցութիւնները։
Անցեալ շաբաթ Թուրքիա զգուշացուցած էր, որ նման բանաձեւի մը որդեգրումը «պիտի վնասէ թուրք-շուէտական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ պիտի բարդացնէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը»։