ՊՈՍԹԸՆ.- Արդէն իսկ հրապարակի վրայ է «Արմինեըն Ռիվիու» պարբերաթերթին նորագոյն թիւը՝ նուիրուած «Հայաստանը (հայերը) եւ քաղաքացիական հասարակութիւն» նիւթին («Armenia(ns) and Civil Society»): Սոյն թիւին յօդուածները կը քննեն քաղաքացիական հասարակութեան եւ ժողովրդավարութեան դերակատարութիւնը Խորհրդային Հայաստանի, վերանկախացած Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ:
Խմբագիր Ասպետ Գոչիկեանի (Պենթլի համալսարան) ու Սուզէն Սփայիսի (Ֆլորիտայի նահանգային համալսարան) համահեղինակած յօդուածը կը կատարէ նախաբանի դերը, որմէ ետք այս հատորին մէջ յօդուածներ ունին Արմինէ Իշխանեան (Լոնտոնի տնտեսագիտութեան վարժարան), Իրինա Ղափլանեան (Քէյմպրիճի համալսարան), Էլիզա Որբերեան-Յակոբեան եւ Սօսի Գասպարեան (Լոնտոնի համալսարան):
Թիւին մէջ լոյս տեսած են նաեւ շարք մը գրախօսականներ:
Նախկին թիւերը ստանալու կամ բաժանորդագրուելու համար, դիմել հետեւեալ հասցէին՝ orders@armenianreview.org կամ հեռաձայնել (617) 926-4037 թիւին: Կարելի է նաեւ բաժանորդագրուիլ պարբերաթերթին համացանցային կայքին միջոցաւ, որուն հասցէն է՝ www.armenianreview.org:
Նամակատան միջոցաւ թերթին հետ կապ պահելու համար, դիմել Armenian Review, Inc., 80 Bigelow Avenue, Watertown, Massachusetts 02472-2012 հասցէին: