Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, արաբական «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացնելով՝ գործընթացը կը սկսի եւ ոչ թէ կ՛աւարտի, նշելով միաժամանակ, որ թրքական կողմը կը ձգձգէ արձանագրութիւններուն վաւերացումը:
Ըստ նախագահին, արձանագրութիւններու վաւերացումէն ետք, յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ սահմանի բացումը, այնուհետեւ՝ ենթայանձնախումբեր ունեցող միջկառավարական յանձնախումբի ստեղծումը, եւ «մենք մեր երկխօսութեան պիտի սկսինք»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Հայաստանի մէջ կը շարունակե՞ն ակնկալել, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր խոստումը պիտի կատարէ եւ արտասանէ Ցեղասպանութիւն բառը, նախագահ Սարգսեան նշեց, թէ «Ես կը համարեմ, որ ատիկա արդարութեան ընդունում է, ճշմարտութեան մասին խօսիլ է», աւելցնելով, որ ինք անշուշտ կը ցանկար, որ Օպամա կատարէր իր խոստումը:
Միւս կողմէ, համաձայն Հայաստանի Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի 18րդ յօդուածին, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Երկուշաբթի, Փետրուար 15ին շրջանառութեան մէջ դրած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման մասին արձանագրութիւնները՝ իբրեւ գլխադասային յանձնախումբ նշանակելով Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը։ Այս կը նշանակէ, որ մինչ լիագումար նիստ, արձանագրութիւնները պիտի քննարկուին եւ դրական կամ ոչ դրական եզրակացութիւն պիտի ստանան այս յանձնախումբին կողմէ։