ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագրի տարեկան 22րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 21ին, Ֆրեզնոյի «Ֆորթ Ուաշինկթըն» ակումբին մէջ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուի «Ուիլեըմ Սարոյեանի կտակը» շարժապատերը, որ բեմադրուած է Գրիգոր Յարութիւնեանի կողմէ: Ֆրեզնոյի զաւակ Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով պատրաստուած շարժապատկերը արտադրուած է Հայաստանի «Հայք» սթուտիոյի կողմէ: Հոն կը ցուցադրուին հեղինակէն նախապէս չտեսնուած վաւերագրական ժապաւէններ ու հեղինակին ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն հետ հարցազրոյցներ:
Ճաշկերոյթը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6ին, իսկ ընկերային պահը՝ ժամը 5ին:
Տոմսերուն սակը 50 տոլար է, իսկ համալսարանի ուսանողներուն եւ անձնակազմին համար՝ 25 տոլար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (559) 278-2669 թիւին: