ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Շաբաթ, Յունուար 30ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 57 անդամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ամսական ճաշկերոյթը, որ նուիրուած էր Կարօ Ռուբէնի յիշատակին: Ճաշը հովանաւորած էր հանգուցեալ Կարօ Ռուբէնը, սակայն անողոք մահը զայն ճաշկերոյթէն չորս օր առաջ խլեց, որուն իբրեւ հետեւանք, անոր հովանաւորած ճաշը վերածուեցաւ անոր հոգեճաշին:
Լոյս գերեզմանիդ, բարի՛ ընկեր:
Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, հոգեհանգստեան աղօթքէն ետք ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի դստեր՝ Սերա Ռուբէնին, եւ օրհնեց սեղանն ու սեղանակիցները:
Ատենապետ Սուրէն Գահուէճեան յայտագիրին բացումը կատարեց՝ խնդրելով ներկաներէն, որ մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգանքի տուրք յատուցեն, եւ երգեց «Իմ Հայրիկ» երգը՝ ի յիշատակ Կարօ Ռուբէնի: Ան նաեւ միութեան անունով իր ցաւակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի դստեր ու ընտանեկան պարագաներուն:
Ապա, ատենապետը բեմ հրաւիրեց օրուան երգիչը՝ Խաչիկ Թանքեանը, որ ներկաներուն հրամցուց շարք մը գեղեցիկ երգեր: Ան իր երգերու շարանը աւարտեց Հրանդ Տինքի նուիրուած իր երգով:
Բեմ վերադառնալով՝ ատենապետը կատակներով եւ կարճ պատումներով ուրախ պահեր ստեղծեց եւ երգեց «Խուժան ասկար» երգը: Ներկաներուն փափաքին ընդառաջելով՝ ան նաեւ երգեց «Յիսուն տարիս» երգը:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով, Խաչիկ Թանքեանին ընկերացաւ ատենապետ Գահուէճեանը (ջութակ) եւ Վազգէն Սէփէթճեանը (թմբուկ):
Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով եւ սրտաբուխ մաղթանքներ կատարելով: