
Շաբաթ, Փետրուար 13ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւն կատարուեցաւ Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախատօնակին հանդիսապետեց եւ իր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը։
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ՀՄԸՄի սկաուտական խմբապետական կազմերը ներկայ եղան արարողութեան։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ Երիտասարդական խմբակներու անդամները։
Նախատօնակի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ աւանդական խարոյկը վառուեցաւ։
Աւելի ուշ, առաջնորդ սրբազանը, ներկայ հոգեւորականները, Հոգաբարձութեան անդամներ, ՀՄԸՄի եւ եկեղեցիներու երիտասարդականի ներկայացուցիչներ, «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ՝ հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան։ Խօսք առաւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, արտայայտուելով տօնի խորհուրդին մասին։
Աւարտին, առաջնորդը փոխանցեց իր գնահատական պատգամը։