Իր Հանրօգուտ Գործունէութեամբ Շամլեան Կը Շահի Հայ Եւ Օտար Շրջանակներու Յարգանքը
Վարեց՝ ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի մասին «Ասպարէզ» յաճախ տեղեկագրութիւններ կը հրատարակէ: Կրթական բարձր մակարդակով, մինչեւ ութերորդ դասարանի աշակերտներուն իր ջամբած ազգային դաստիարակութեամբ բոլորս հպարտացած ենք: Իմ ալ զաւակներս այդ դպրոցը յաճախած են: Երախտագիտութեան զգացումներով բեռնաւորուած, ահա՛ կը ներկայանամ Վահան եւ Անոյշ Շամլեաններուն, որոնք «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան՝ իրենց հետ հարցազրոյց կատարելու դիմումին պատասխանելով՝ զիս իրենց բնակարանը հրաւիրած էին, Ֆրեզնօ:

Ազգային ծրագիրներու համար տասնհինգ միլիոն տոլարէն աւելի նուիրաբերած այս զոյգը, ձեռք ձեռքի տուած՝ ջերմ ու անմիջական մթնոլորտ մը ստեղծեցին իրենց օճախին մէջ, հարազատ մարդոց այցելած ըլլալու զգացողութիւնը փոխանցելով իմ եւ հետս եղող ընկերներուս մէջ:
Հանդիպման առաջին մասին, ճաշի սեղանի շուրջ, Վահանը սրտաբաց զրոյցի սկսաւ՝ արտայայտուելով տարիներու ընթացքին գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար զինք անհանգստացուցած վերաբերմունքներու, կեցուածքներու եւ գնահատումներու մասին:
Մենք ըսինք մերը. ինչ որ եղած է՝ անցեալին կը պատկանի, ու մենք անդրադարձած ենք, որ այսօր, երջանիկ ենք, որ մեր կողքին ունինք կեանքով լեցուն զոյգ մը, որոնք դպրոցի մը հիմնադրութեան մեծապէս նպաստած են, եւ որոնց բարեգործութեան արդիւնքները կը տեսնենք ամէն օր:
«Շամլեան» վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանի խօսքերով, «Այո, ճիշդ է, որ շատեր ներդրում ունեցած են դպրոցի վերելքին ու յաջողութեանց: Հաւաքական ճիգի արդիւնք են այդ յաջողութիւնները: Այսուհանդերձ, այս ձեռնարկը (դպրոցը) հնարաւոր դարձած է ու անոր առաջին սերմերը ցանուած են՝ շնորհիւ Վահան եւ Անոյշ Շամլեաններու նուիրատուութեան»:

Ի՞նչ պայմաններու տակ որոշեց ստանձնել դպրոցին բարերարութիւնը հարցումին պատասխանն ալ անօրինակ համեստութեամբ կու տայ:
Լոս Անճելըս, Կարօ Հատտատի գրասենեակը հաւաքուած են: Ներկաները՝ այն տարիներու Թեմիս առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապաքեան, Կլենտէյլի համայնքի ղեկավարներէն Ստեփան Գապատայեան, Կարօն ու ինք՝ Վահանը: Ստեփան Գապատայեան կ՛առաջարկէ Վահան Շամլեանին դպրոցի սենեակներէն մէկուն հովանաւորութիւնը: Դպրոցը վարձակալուած էր: Կարօն էր, որ ըսաւ՝ ինչո՞ւ միայն մէկ սենեակի կամ դասարանի հովանաւորը պիտի ըլլայ, թող ամբողջ դպրոցի բարերարութիւնը ստանձնէ:
– Ես ալ համաձայնեցայ, կ՛ըսէ Շամլեան:
Օգոստոս 1983ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետի ներկայութեամբ եւ մեծ շուքով վարժարանը անուանուեցաւ ազգային բարերարներ Վահան եւ Անոյշ Շամլեաններու անունով:
Լիբանանահայ Վահանը իրանահայ Անոյշին ծանօթացած է Պէյրութի մէջ, ուր Անուշ ուսանելու գացած էր: Ամուսնութեան մասին չմտածող, արդէն գործի աշխարհի մէջ նետուած ու նշանակելի յաջողութիւններու հասած Վահանը կ՛անսայ իր որդեգրած ծնողներուն (Սրապեան Լութֆիկն ու կինը) եւ կը հանդիպի Անոյշին, ու… կ՛առաջարկէ ամուսնութիւն: 1955ին կ՛ամուսնանան Պէյրութի մէջ, ուր կ՛ունենան իրենց առաջին աղջիկ զաւակը:

Վահանը նախ առանձինն կու գայ Ամերիկա՝ աշխատանքի պայմանները ուսումնասիրելու: Կը վերադառնայ Պէյրութ, եւ Անոյշին ու զաւակին հետ՝ վերջնականապէս կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ: Առաջին կայանը կ՛ըլլայ Փասատինան, ուր բնակելով՝ գործի համար նախ փորձի կարգով յաճախ կ՛երթայ Ֆրեզնօ, որ քանի մը տարի ետք, 1964ին կը դառնայ իր մշտական բնակավայրը:
Ինք կը նետուի գործի:
– Այստեղ աշխատանքի ոճը բոլորովին տարբեր է, կ՛ըսէ Շամլեան, Միջին Արեւելքի հետ համեմատած: Այնտեղ ինծի համար աւելի դիւրին էր աշխատիլը, շահաւէտ գործ ընելը, որովհետեւ կապեր ունէի, դիւրութիւններ կրնայի ստեղծել: Այստեղ այլ կերպով պէտք է աշխատիլ:
Թէեւ, պէտք է ըսել, որ իր այստեղի գործերուն մէջ յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը դարձեալ իր մշակած անձնական յարաբերութիւնները եղած են, օրինակ՝ «Սալվէյշըն արմի»ի նման բարեսիրական կազմակերպութեանց ղեկավարութեան հետ: Այդ կազմակերպութեան կողմէ Շամլեան արժանացած է պատիւի ու գնահատանքի, ստացած է անոնց բարձրագոյն շքանշանին՝ «Ատըրզ» (այլք) մրցանակին:
Հայկական եւ օտար կազմակերպութիւններէ բազմիցս պատուըւած է ու մետալներու արժանացած: 2006ին իբրեւ այս երկիրը ներգաղթած ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրօգուտ յիշատակելի աշխատանքներ կատարած անձ՝ արժանացած է նաեւ «Էլիզ Այլընտ»ի պատուոյ շքանշանին:

Օգտագործուած հագուստներ հաւաքելու եւ վերավաճառելու գործը Շամլեանի սկզբնական շրջանի գլխաւոր գործերէն մէկը եղած է: Ան միշտ ճիւղաւորած է իր ուշադրութիւնը ու տարբեր գործերու մէջ մխրճուած՝ միաժամանակ:
Գրեթէ բոլոր գործերուն մէջ, բայց մանաւանդ կալուածներու առուծախով, Շամլեան կրցած է կարեւոր շահեր ապահովել: Ափսոսանքով ան կը խօսի նաեւ իր մէկ սխալ որոշումին մասին, որով իրեն անծանօթ գործի մը մէջ մտած է՝ ստեղծելով ապահովագրական գործակալութիւն մը, ուր միլիոնաւոր տոլարներու վնաս կրած է:
Ընկճուած չ՛երեւիր, միշտ կ՛որոնէ, կը փնտռէ նոր կարելիութիւններ, նոր ճամբաներ եւ եթէ լսէք, թէ ի՞նչ գործեր կ՛ընէ այս օրերուն, իրապէս կարելի է հիանալ իր նախաձեռնութեան ոգիին, իր յանդգնութեան եւ արթնութեան վրայ:
Անոյշը Ամերիկա հաստատուելէ ետք կը շարունակէ իր ուսումը: Կը ստանայ մագիստրոսի վկայական՝ Ֆրանսերէն լեզուի մէջ: Աշխատանքի հրաւէր կը ստանայ, սակայն Շամլեանի փափաքով, կը հրաժարի գործէն:
«Ես իրեն առաջարկեցի նոյն աշխատավարձով ինծի համար աշխատիլ», կ՛ըսէ Շամլեան երջանիկ ժպիտով մը: Անոյշի պատասխանը՝ «Ես ալ Վահանին ապացուցեցի, որ կարող եմ օրապահիկս շահիլ անկախաբար»:
Անոյշ գործօն անդամ կը դառնայ Հայ օգնութեան միութեան՝ յաճախ ղեկավարելով Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» մասնաճիւղը, դառնալով նաեւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ:

Ան հպարտութեամբ կը պատմէ իր ներդրումին մասին՝ ազգագրական տարազներու պատրաստութեան գործին, ապա նաեւ այդ տարազներու մասին գիրքի մը հրատարակութեան ձեռնարկին մէջ, որուն իրականացման համար Վահանէն երեսուն հազար տոլարի նուէր ուզած եւ, անշուշտ, ստացած է: Հիմա ալ այդ տարազներէն հսկայ քանակ մը տեղ գրաւած է Շամլեաններու տունին մէջ:
Վահան բազմաթիւ այլ հրատարակութիւններու մեկենաս եղած է: Իր հին ընկերը՝ «Նոր Կեանք» թերթի խմբագիր Գրիգոր Շէնեանը, զոր Պէյրութի իր պատանեկան տարիներէն կը ճանչնայ, ամէն անգամ երբ գիրք մը հրատարակելու ծրագիր առաջարկած է իրեն, ինք ընդառաջած է ու յաճախ առանց իսկ գիրքին բովանդակութեան տեղեակ ըլլալու՝ շնորհած է իր հովանաւորութիւնը:
Շամլեանի բարերարութեան սահմանները բաւական ընդարձակ եղած են: Ան եղած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահ, ստանձնած է բազմաթիւ հոգեւորականներու բարձրագոյն կրթութեան ծախսերը: Այս հոգեւորականներու շարքին է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ այժմու կաթողիկոս Արամ վեհափառը:
Իր բարերարութիւնը գնահատուած է թէ՛ Անթիլիասի, եւ թէ Էջմիածինի կողմէ: Արժանացած է «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանին ու Սուրբ Էջմիածինի շնորհած «Գրիգոր Լուսաւորի»չ մետալին: Եղած է կնքահայրը Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած 1996ի Միւռոնօրհնէքին:
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ շատ մտերիմ եղած է: Հպարտութեամբ ու երկիւղածութեամբ ցոյց կու տայ իր տան կից կառոյցը՝ հիւրերու համար սարքուած տունը, որուն մէջ Ամենայն հայոցը ունէր իրեն յատուկ սենեակը, զոր ինք կը պահէ յատուկ հոգածութեամբ:
«Հայաստան» հիմնադրամին կատարած է մեծագումար նուիրատուութիւններ: Հայաստանի անկախացումէն ետք, իր երազած անկախ պետականութեան ստեղծումը զինք այնքան խանդավառած է, որ իր ծախսով զրահաւորուած «Լինքէն թաունքար» ինքնաշարժ մը նուիրած է հանրապետութեան նախագահին: Քառորդ միլիոն տոլար արժող մեքենան ինք նուիրած է ոչ թէ անձի մը, այլ հայրենիքի նախագահին:
Կը պատմէ Վահանը. «Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ երեկոյ մը մինչեւ ուշ ատեն նստած էին Էջմիածինի մէջ: Գիշերուան այդ ուշ ժամուն, վեհափառին մօտ կու գայ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը ու կը խնդրէ վեհափառին հետ միասին երթալ Զուարթնոց օդակայան»: Վեհափառին խնդրանքով ինք ալ կ՛ընկերանայ իրենց: Օդակայանին մէջ կը տեսնեն ռուսական հրանօթներու ու հրասայլերու ամբողջ կազմած մը: Շտապ կանխիկ մեծ գումարի կարիք կար՝ այդ բոլորը վերցնելու, մեր բանակի զինանոցին մաս դարձնելու: Ինք սեփական օդանաւով գացած էր Երեւան: Անմիջապէս կը մեկնի Եւրոպա եւ կը վերադառնայ այդ գումարէն իր բաժինով՝ 700,000 տոլարով: Զէնքերը հայոց բանակի տրամադրութեան տակ կ՛անցնին:
– Ես մոլեռանդ հայ եմ, կ՛ըսէ Շամլեան:
Իրեն չհաւատալու ոչ մէկ հիմք ունինք: Ընդհակառակը, իր կեանքը, իր բարերարութեանց ընդարձակ աշխարհագրութիւնը կրնան համոզիչ փաստարկներ տալ անոր հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան մասին:
Իրեն համար ազգի պառակտումը ցաւ կը պատճառէ. կուսակցութիւններուն կը հաւատայ՝ իբրեւ ազգին ծառայելու կոչուած կազմակերպութիւններ, իսկ Սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ ու կազմակերպութիւններու ուժեղացման ու համերաշխ գործունէութեան մէջ կը գտնէ մեր գոյատեւման ու հզօրացման գաղտնիքը:
Նախքան փակելը, կ՛արժէ ներկայացնել Շամլեանի պատանեկան կեանքէն պատառիկ մը, որով, հաւանաբար, լաւագոյնս կը բնութագրուի այս մարդուն նկարագիրը:
Տասներկու տարեկան է, կարճ տաբատով: Պէյրութի Քարանթինա շրջանին մէջ փայտաշէն եկեղեցիի վարագոյրի բացման արարողութիւնն է: Նուիրատու կը փնտռուի, եւ ամէնէն մեծ նուէր տուողը կը շահի իրաւունքը՝ բանալու եկեղեցւոյ վարագոյրը: Շամլեան կը մասնակցի այս «աճուրդին», իր ընկերոջ՝ Գրիգոր Շէնեանի միջոցաւ: Գործընթացը յառաջ կ՛երթայ թրքերէնով: Շամլեան արդէն սկսած է այդ տարիքին դրամ շահելու՝ ֆրանսացի զինուորներուն իւղ ծախելով: Նուէրին գումարը կը հասնի տասը լիրայի: Միւս յաւակնորդները կը զիջին ու Շէնեանը՝ Շամլեանի փոխարէն, կը բանայ վարագոյրը:
Ձեր վարձքը կատա՛ր, դպրոցաշէն Վահան եւ Անոյշ Շամլեաններ: Մեր համայնքը երախտապարտ է ձեզի: