ՊԵՐԼԻՆ.- Մարտ 1ին, Պերլինի երաժշտական սրահին մէջ պիտի կայանայ տեղի Հայ եկեղեցական եւ մշակութային համայնքի նորաստեղծ երգչախումբին համերգը: «Մենք Պերլինի եշաժշտական սրահէն «Մշակոյթներու երկխօսութիւն» նախագիծին մասնակցելու հրաւէր ստացանք եւ ընդունեցինք զայն, որովհետեւ անիկա այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու մշակոյթին ծանօթանալու լաւ ձեւ է», նշած է Պերլինի եւ հիւսիսային Գերմանիոյ Հայ եկեղեցական ու մշակութային համայնքի հոգեւոր առաջնորդ, վարդապետ Եղիշէ Աւետիսեանը, ըստ որուն, համերգին պիտի մասնակցին Գերմանիոյ քրտական եւ ասորական համայնքներու երգչախումբերը եւս:
«Մենք կը կատարենք Կոմիտասին երգերը եւ յոյս ունինք, որ կ՛ընդլայնի մեր երգացանկը: Բացի ասկէ, հնարաւոր է համերգին «Armenian Navy Band» խումբի ղեկավար Արդօ Թունչպոյաճեանի մասնակցութիւնը. մենք միասին պիտի կատարենք քանի մը երգ, բայց տակաւին յայտնի չէ, թէ՝ ո՛ր լեզուով», յայտնած է երգչախումբի ղեկավար Սեդա Պեշիկթաշլեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.