ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, Մարտ 22-23 պիտի իրականանայ հայ-սուրիական գործարար համաժողով մը: Նոյն օրերուն, ըստ համաժողովի կազմակերպիչ Հայաստանի հանրապետութեան առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի լրատուական ծառայութեան ղեկավար Վրէժ Սարուխանեանին, պիտի կայանայ նաեւ Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդին նիստը: Համաժողովի եւ նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր՝ սննդարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան, բժշկութեան, զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ գրահրատարակչութեան, ոսկերչութեան ու արհեստագործութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ: Կը նախատեսուի Հալէպի մէջ կազմակերպել նաեւ հայկական արտադրութիւններու ցուցահանդէս:
Սուրիական կողմէն համաժողովին պիտի մասնակցին համապատասխան ոլորտներու առաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք շահագրգռուած են Հայաստանի գործարարներու հետ տնտեսական նոր կապերու ստեղծումով:
Համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներով կը զբաղի նաեւ Հալէպի առեւտուրի պալատը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.