ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Սովորական Ցեղասպանութիւն. Սումկայիթ. 1988, Փետրուար» վաւերագրական շարժապատկերը Փետրուար 28ին՝ Սումկայիթի ջարդերու 22րդ տարելիցին օրը, պիտի ցուցադրուի Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի «Հ1» կայանէն, որ պիտի ներկայացնէ միայն կարճ տարբերակը: Շարժապատկերին ամբողջական տարբերակին ցուցադրումը պիտի կատարուի Մարտի աւարտին:
«Սովորական Ցեղասպանութիւն» ծրագիրի հեղինակ Մարինա Գրիգորեանին խօսքով, այս շարքին առաջին շաժապատկերը, որ նուիրուած էր 1990ի Պաքուի ջարդերուն, արդէն տրամադրուած է դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, համալսարաններու, գիտական հաստատութիւններու եւ զանազան երկիրներու վերլուծական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ ներկայացուած է խտասկաւառակներու միջոցով: Տարբեր կայքերու մէջ տեղակայուած են անոր հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն տարբերակները: Սումկայիթեան ողբերգութեան տարելիցին, Պաքուի ջարդերու մասին պատմող շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի հայաստանեան եւ արտասահմանեան պատկերասփիւռի ընկերութիւններուն միջոցաւ:
«Սումկայիթի դէմքն այնքան սարսափելի է, որ նոյնիսկ այսօր՝ 22 տարի անց, մենք չենք համարձակւում բարձրաձայնել այն մանրամասների մասին, թէ ինչե՜ր էին անում Սումկայիթի փողոցներում մարդկային կերպարանքը կորցրած տմարդիները: Մենք ստեղծել ենք ֆիլմ-մեղադրանք: Մեղադրանք՝ մարդկութեան հանդէպ գործուած յանցագործութեան մէջ, որն իրականացուեց Խորհրդային Ատրպէյճանում 1988 Փետրուար 27-29ը, եւ որը մինչ օրս չի ստացել իրաւական ու քաղաքական գնահատական», յայտնած է Մ. Գրիգորեան եւ աւելցուցած. «Միաժամանակ ես մտածում եմ, որ շատ կարեւոր է ցոյց տալ «Սումկայիթի» նաեւ միւս կողմը՝ պարտադրուած ինքնապաշտպանութեան դիմած հայերը, որոնք մի քանի ժամուայ ընթացքում, առանց զէնքի պաշտպանել են իրենց ընտանիքները գազազած ամբոխից, ու զոհուել են ինչպէս հերոսներ»: