ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան (ԿԳՆ) եւ «Հայ Դատ» հիմնադրամի միջեւ, Փետրուար 26ին ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր, որուն նպատակն է իրականացնել «Արժեւորենք անցած ուղին, ճանաչենք զմեզ» ծրագիրը:
««Հայ Դատ» հիմնադրամի հետ մեր համագործակցութեան ուղղութիւնը լինելու է հայագիտութեան արժեւորումն ու պահպանումը, յատկապէս դպրոցական երեխաների շրջանում: Համատեղ աշխատանքը հայագիտութեան մակարդակը նոր հարթակի վրայ բարձրացնելու եւ այն մատաղ սերնդի հոգեբանութեան մէջ արմատաւորելու նպատակ ունի», ըսած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը:
Ծրագիրով կը նախատեսուի Հայաստանի իւրաքանչիւր մարզի եւ Երեւանի բոլոր վարչական տարածքներուն մէկական դպրոցի մէջ վերանորոգել մէկ դասարան, ստեղծել գրադարաններ, տրամադրել համակարգիչներ եւ համացանցային կապ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ:
«Հայ Դատ» հիմնադրամի տնօրէն Բագրատ Եսայեան, իր կարգին նշած է, որ կառոյցը կը գործէ երկրորդ տարին ըլլալով եւ իր գործունէութեան ծիրէն ներս անիկա կ՛աջակցի կրթութեան ոլորտին: «Կրթութեան ոլորտի ձեռքբերումներին եւ խնդիրներին մենք ներսից ենք ծանօթ: Դիտարկումները ցոյց են տուել, որ լրացուցիչ ֆինանսաւորման եւ ուշադրութեան կարիք ունի յատկապէս հայագիտութեան ճիւղը, որի նկատմամբ հետաքրքութիւնը գնալով նուազում է», նշած է ան եւ տեղեկացուցած, որ 2010-2013 ժամանակահատուածին մէջ նախատեսուած ծրագիրին արժէքը կը կազմէ շուրջ 100 միլիոն դրամ:
ԿԳ նախարարը աւելցուցած է, թէ հնարաւոր է ծրագիրը Արցախի հանրակրթական հաստատութիւններուն մէջ եւս իրականացնել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.