ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականութեան գործակալութեան պետ Գագիկ Եգանեան, Փետրուար 26ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, թէ 1988ի Սումկայիթի ջարդերէն ետք Հայաստան ապաստանած 360 հազար փախստականներէն 1200 կարիքաւոր ընտանիք տակաւին կը սպասէ իր բնակարանի վկայագրին: Փախստական ընտանիքները բնակարաններով ապահովելու համար անհրաժեշտ է աւելի քան 40 միլիոն տոլար, որուն համար պետութիւնը 2010ի իր ամավարկէն գումար չէ յատկացուցած, տնտեսական ճգնաժամին պատճառով: Մինչ այդ, 2009ին եւ 2008ին նոյն նպատակին համար նախատեսուած էր 815 միլիոն դրամ:
Գ. Եգանեան նշած է, որ առաջնային խնդիրը փախստականներուն բնակարանով ապահովելն է, այնուհետեւ անոնց զբաղուածութիւնն ու հանրային ծառայութիւններէ օգտուելու խնդիրները:
«Զբաղուածութեան մակարդակը փախստականների մօտ աւելի ցածր է, քան տեղացիների: Կրթական, առողջապահական ծառայութիւններից օգտուելը նրանց մօտ աւելի թոյլ է արտայայտուած, չնայած օրէնսդրական մակարդակով նոյն ռեժիմն է գործում ե՛ւ ՀՀ քաղաքացիների, ե՛ւ փախստականների առումով: Նրանց մօտ սոցիալական կապերն աւելի թոյլ են արտայայտուած», ըսած է Գ. Եգանեան, ըստ որուն, բնակարաններով չապահովուած ընտանիքները կը շարունակեն ընդգրկուած մնալ կառավարութեան ծրագիրին մէջ, որուն իրականացումը ապահովելու եւ նիւթական միջոցներ ի յայտ բերելու նպատակով, այս տարի Երեւանի մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել Միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մեծ համաժողով: Գագիկ Եգանեան յոյս ունի, որ այդ հանդիպումը կրնայ աւելցնել գումարներ ապահովելու հաւանականութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.