ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտի առաջին օրը, 2 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը ամէնուր՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի սարսափահար ու շնչահեղձ ականատեսը դարձաւ անօրինակ ողբերգութեան մը։
2008 Փետրուարի վերջին գիշերուան ուշ ժամերէն սկսեալ, քաղաքացիական խռովարարութեան եւ պատերազմի չարաբաստիկ ուրուական մը պատեց քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակին շրջակայքը, յատկապէս հարաւակողմը՝ Ալ. Միասնիկեանի արձանին մերձաւորութեամբ։
Նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը ցնցուեցաւ՝ ի տես ոչ միայն ցուցարարներու եւ զինուորականներու միջեւ արիւնալի բախումներու, այլեւ Երեւանի կեդրոնէն ներս վաճառատուներու եւ պատահական ինքնաշարժներու ջախջախման ու կողոպուտի տեսարաններուն, որոնք վայրկեանը վայրկեանին հեռարձակուեցան աշխարհի չորս ծագերուն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ճակտին ամօթի խարան մը եղան 1 Մարտ 2008ի խռովութիւնները՝ խորհրդանշելով հիւանդագին գալարումը հայոց պետականութեան, ժողովրդավարական կարգերու կայացման դժուարին ճանապարհին։
Այսօր եւս, երբ երկու տարուան հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Մարտ 1ի քաղաքացիական ողբերգութեան վրայ, ի վիճակի չենք ամբողջական եւ սպառիչ պատասխանը գտնելու այն մեծ հարցադրումին, թէ՝ ինչո՞ւ պատահեցաւ այդպիսի գահավիժում մը մեր երկրի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ, մանաւա՛նդ, ի՞նչ էր պատասխանատուութեան բաժինը օրուան իշխանութեանց եւ պետական կառոյցներուն՝ խռովութեանց եւ զինեալ բախումներու հրահրումին մէջ։
Փաստօրէն դեռ մինչեւ այսօր ամբողջական հաշուետուութեամբ կատարուած չէ Մարտ 1ի խռովութեանց քաղաքական անկողմնակալ գնահատականը։ Յատկապէս այդ նպատակով կազմուած խորհրդարանական խառն յանձնաժողովն անգամ, քանի մը անգամ երկարաձգելէ ետք իր աշխատանքի ամբողջացման ժամկէտը, ի վերջոյ սուսուփուս ձեռքերը լուաց եւ մէկ կողմ քաշուեցաւ, երբ չկրցաւ հիմնական հարցադրումին պատասխանը գտնել կամ… տալ։
Անշուշտ դժուար չէր պարզել եւ դիւրին եղաւ ճշդել պատասխանատուութեան բաժինը բողոքի հաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման ձեռնամուխ եղած քաղաքական ճամբարին, որ կը գլխաւորուէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ։ Բայց Նոյնքան պարզ չէր եւ մինչեւ վերջ ալ դժուար եղաւ ստուգապէս ճշդել, թէ իշխանութիւնները եւ անոնց ղեկավարած ուժային կառոյցները իրենք որքանո՞վ պատասխանատուութեան բաժին ունէին քաղաքացիական հակադրութեան եւ լարուածութեան այդ աստիճան սրումին մէջ։
Մանաւանդ որ Մարտ 1ի եղբայրասպան ընդհարումները անակնկալ չէին։ 19 Փետրուարի նախագահական ընտրութեանց աւարտին հետ, անմիջապէս, ծայր առին ատենի նախագահական թեկնածու Սերժ Սարգսեանի օգտին տրուած քուէներու 52 տոկոսի մեծամասնութան արդիւնքը վիճարկող, մերժող եւ բողոքարկող տէր–պետրոսեանական ճամբարի հաւաքներն ու ցոյցերը։ Շուրջ տասը օր շարունակուելով՝ այդ հաւաքներն ու ցոյցերը աստիճանաբար թափ ստացան եւ աւելի կարծր առճակատման հունի մէջ մտան՝ քաղաքացիական ընդհարման վտանգը անխուսափելի դարձնելով։ Տարբեր զարգացում չէր կրնար ունենալ 2008ի նախագահական ընտրապայքարին ողջ ընթացքը բնորոշած թշնամական բեւեռացումը թեկնածուներ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի միջեւ։ Նաեւ ժողովրդավարական արժէքները ոտնակոխող բեւեռացում մը, որ պետական թէ ստուերային իշխանաւոր ուժերու նիւթական խայծերով եւ սպառնական ճնշումներով՝ զոյգ մրցակիցներու հակակշռին տակ դրաւ քուէները ընտրազանգուածին։
Հետեւանքը քաղաքական բացայայտ անզօրութիւնն էր նախագահական աթոռին տիրացած Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներու ճամբարին։ Նորընտիր նախագահը ժողովրդային վստահութեան բարոյական յենարանը չունէր, որպէսզի կարենար քաղաքականապէս յաղթահարել ընտրութեանց արդիւնքին դէմ ծաւալած ընդհանուր դժգոհութիւնը, որ միայն տէր–պետրոսեանական հաւաքներու եւ ցոյցերու շրջանակով չէր սահանափակուէր։ Այդ պայմաններուն մէջ, ինչպէս որ ընտրութիւններուն պարտուած կողմը յուսահատական ելք կը փնտռէր քաղաքացիական հակադրութեանց լարումին մէջ, այնպէս ալ յաղթական կողմը անելէն դուրս գալու ձեռնտու ելք նկատեց զինեալ ընդհարումներու հրահրումը, որոնց հակակշռումին համար իշխանութիւնը կրնար բիրտ ուժով պարտադրել իր յաղթանակին «օրինականութիւն»ը։
Այդպէս ալ եղաւ։ Զօրայինները բիրտ ուժով փորձեցին հաւաքներուն վերջ տալ եւ ցուցարարները ցրուել։ Իսկ այս վերջինները աւելիով բիրտ եղան իրենց հակադարձութեան մէջ… Տասը սպանեալ եւ բազմատասնեակ վիրաւորներ ինկան Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն վրայ։ Մարտ 1ի խռովութիւնները զսպելու եւ քաղաքացիական անիշխանական մթնոլորտը յաղթահարելու կարգախօսով՝ իշխանութիւնը պաշարման վիճակ եւ գրաքննութիւն հաստատեց, հարիւրաւորներ բանտերը նետեցեւ, ոստիկանական պետութեան մը ամպհովանիին տակ, յառաջացաւ դէպի նախագահական նոր վարչակազմի ձեւաւորումը։
Միջազգային ընտանիքը անշուշտ օգտագործեց առիթը։ Մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական ազատութեանց պաշտպանութեան կարգախօսով՝ Հայաստանով եւ տարածաշրջանով շահագրգռուած մեծ տէրութիւնները յարմար պահը գտան պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու՝ ժողովրդային վստահութեան կռուանի առումով տկարացած Հ.Հ. նորահաստատ իշխանութեանց իրենց պահանջներն ու հաշիւները պարտադրելու համար։
Բայց այդ ամէնը առանձին քննարկման նիւթ է։
Այս սիւնակով ընդգծելին այն է, որ երկու տարի առաջ այս օրերուն՝ վերանկախացեալ մեր երկրին մէջ հայոց պետականութիւնը ախտանշական գալարումներ ապրեցաւ իր ժողովրդավարական կայացման ճամբուն վրայ։
Գալարումներ՝ որոնք քաղաքացիական ընդհարման եւ եղբայրասպան արիւնահեղութեան վտանգին տակ դրին մեր ժողովուրդը։
Անշուշտ կարելի եղաւ ձեւով մը շրջանցել վտանգը, բայց Մարտ 1ի ամօթի խարանը դեռ չէ ջնջուած հայոց պետականութեան ճակատէն։
Կը ջնջուի միայն այն ժամանակ, երբ հետեւողականօրէն կ՛ամրապնդուին ժողովրդավարական մասնակցութեան կռուանները մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ, որպէսզի իշխանութեան ոչ մէկ յաւակնորդ փորձէ խաղալ քաղաքացիական բեւեռացման կրակին հետ այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ 1 Մարտ 2008ի նախօրէին, ընթացքին եւ… աւարտին։