ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մարտ 2ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպած է Եւրոմիութեան (ԵՄ) նախագահ, Սպանիոյ թագաւորութեան արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարար Միկել Անխել Մօրաթինոսի հետ:
Բնութագրելով Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները՝ նախարար Նալբանդեան յայտնած է. «Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները ներկայումս գտնւում են բեկումնային փուլում: Եւրոմիութիւնը Հայաստանի համար վստահելի քաղաքական եւ տնտեսական գործընկեր է: Անցեալ տարի մեկնարկած «Արեւելեան գործընկերութիւն»ը լայն հնարաւորութիւններ է տալիս մի շարք բնագաւառներում համագործակցութեան ընդլայնման համար»:
Խօսելով ԵՄի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանի առաջնահերթութիւններուն մասին՝ Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր համարած է Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ քաղաքական երկխօսութեան հետագայ խորացումը, ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագրի կնքումը եւ մուտքի արտօնագրային վարչաձեւին դիւրացումը:
Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր՝ փոխգործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղիներն ու այդ նպատակով ձեռնարկուելիք համատեղ քայլերը:
Նախարարները նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի եւ Սպանիոյ փոխյարաբերութիւններու ընդլայնման առնչուող հարցերուն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը տեղեկացուցած է, թէ որոշում կայացած է այս տարուան ընթացքին Մատրիտի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն հիմնելու մասին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները. այդ առնչութեամբ, նախարար Մօրաթինոս վերահաստատած է ԵՄի անվերապահ աջակցութիւնը այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն, կոչ ընելով, որ կողմերը առանց նախապայմաններու եւ ողջամիտ ժամկէտներու մէջ վաւերացնեն ստորագրուած արձանագրութիւնները:
«Եթէ արձանագրութիւնները ստորագրուած են, ուրեմն անոնք պարզապէս պէտք է կեանքի կոչել», նշած է Մօրաթինոս՝ միաժամանակ ողջունելով «Թուրքիոյ նախագահի՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին հաւատարիմ ըլլալը»:
Ի պատասխան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վերյիշած է Թուրքիոյ բարձրաստիճան կարգ մը պաշտօնեաներու ապակառուցողական յայտարարութիւնները՝ յատկապէս անդրադառնալով ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանչման բանաձեւի վաւերացման ուղղութեամբ՝ թրքական կողմի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց, այդ վաւերացումը կրնայ վնասել հաշտեցման գործընթացին ու Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն:
Է. Նալբանդեանի կարծիքով, նման դիրքորոշում գործընթացը կը վերադարձնէ նախապայմաններու ներկայացման փուլին:
Միւս կողմէ, նոյն օրը կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը յայտնած է, թէ Հայաստան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին ներկայացուցած է Մատրիտեան փաստաթուղթի չհամաձայնեցուած դրոյթներու վերաբերեալ իր առաջարկները:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն՝ նախարարը նշած է, թէ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի գործօնին կիրառումն էր, որ յանգեցուց Ղարաբաղեան հակամարտութեան, եւ թէ՝ «Այդ գործօնի թմբկահարումն է, որ այսօր խոչընդոտում է Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորմանը»: Նալբանդեան իբրեւ ուժի կիրառման օրինակ նշած է սումկայիթեան ողբերգութիւնը, որ պատճառ դարձաւ Ատրպէյճանի մէջ ցեղային զտումներու:
Նախարարին խօսքերով, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն պահպանելու հրադադարը եւ դիպուկահարները («սնայփըր»-Խմբ.) դուրս բերելու առաջնային դիրքերէն: Իսկ Ատրպէյճանը ոչ միայն կը խախտէ հրադադարի վարչաձեւը, այլեւ պարբերաբար հանդէս կու գայ ռազմատենչ յայտարարութիւններով:
Իր կարգին, Եւրոմիութեան նախագահ Միկել Անխել Մօրաթինոս նշած է, թէ ԵՄ ջանքեր կը գործադրէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ: Ան յայտնած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդած է իրեն՝ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.