ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փետրուար 25ին պաշտօնական Երեւանը տօնեց անմահն Անդրանիկի ծննդեան տարեդարձը։
Հանրային Հեռուստատեսութեան Առաջին Ալիքը լաւ աշխատանք տարած էր եւ ընդգրկուն հաղորդում մը հրամցուց Անդրանիկի կեանքին, գործունէութեան, մտածողութեան եւ, մանաւա՛նդ, սերունդներուն կտակած ՊԱՏԳԱՄին մասին։
Խորհրդային պատմագրութեան նենգափոխումներէն ետք, վերջին քսանամեակին, պարբերաբար լսելի կը դառնան հայրենական ձայներ, որոնք Անդրանիկի արժեւորման եւ վերարժեւորման առաջադրանքով՝ մեր ժողովուրդի ազգային–հաւաքական յիշողութիւնը վերականգնելու ողջունելի ճիգ կը կատարեն եւ հայոց պատմութեան խեղաթիւրուած կամ բաց լքուած էջերը ճշմարտութեամբ լեցնելու փորձ կ՛ընեն։
Անդրանիկի նուիրուած Հանրային հեռուստատեսութեան Փետրուար 25ի հաղորդումը այդպիսին էր։ Առնուազն՝ իբրեւ առաջադրանք։

Անկասկած հայրենի հանդիսատեսին համար նորութիւններով եւ պատմական իրողութեանց բացայայտումով յագեցած էր հաղորդումը։ Նոյնքան հետաքրքրական եւ դաստիարակչական էր սփիւռքահայ հանդիսատեսին, յատկապէս նորահաս սերունդին համար։ Ի վերջոյ այսօր Երեւան կեդրոնացած է մեծագոյն մասը հայ ժողովուրդի հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալի պատմութեան արխիւային նիւթերուն եւ հայ պատմաբանին, բանասէրին կամ ընդհանրապէս մտաւորականին ոչինչ կ՛արգիլէ, որպէսզի ըստ արժանւոյն վերագնահատէ ազգային մեր ժառանգութիւնը։
Այդ կոչումին եւ հնարաւորութեանց համապատասխան չեղաւ, սակայն, Անդրանիկի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած Փետրուար 25ի հաղորդումը։
Դաշնակցական ֆետայիին եւ մարտական ղեկավարին դաշնակցական գործունէութեան վերաբերեալ հաւաքուած այնքա՜ն շահեկան արխիւային նիւթերը հրամցուեցան գաղափարախօսական–քարոզչական պրիսմակով մը, որ ոչ միայն չնպաստեց պատմական ճշմարտութեանց վերականգնումին, այլեւ՝ նոյնինքն Անդրանիկի լիարժէք գնահատումին կամ վերարժեւորումին։
Հաղորդումը պատրաստուած էր յայտնապէս փաստելու համար, որ Անդրանիկ ոչ թէ ծնունդն էր հայ ազգային–ազատագրական շարժման, այլ ռահվիրան ու ղեկավար ԱՆՀԱՏն էր այնքան եւ նոյնքան մեծ հերոսներու ծնունդ տուած Հայկական Յեղափոխութեան։ Անշուշտ 21րդ դարու քարոզչական մշակոյթի արժեչափերով՝ Անդրանիկի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած հաղորդման գաղափարախօսական պատասխանատուները ուղղակի չդիմեցին Անդրանիկ ԱՆՀԱՏը նոյնինքն հայ ազգային–ազատագրական շարժման հակադրելու բացայայտ անհեթեթութեան։ Բայց ամբողջ հաղորդման երկայնքին կարմիր թելի պէս յառաջ մղեցին այն արժեւորումը, որ Անդրանիկ ՄԻԱՆՁՆԵԱՅ առաջնորդեց եւ ղեկավարեց հայոց ազատագրական պայքարը։ Այն աստիճան, որ Անդրանիկի գործունէութեան վերջին արարին՝ 1919ի Զանգեզուրեան խիզախումին մասին հնչեց արդէն անհեթեթութեան մրցանիշ հաստատող հետեւեալ տիպի արժեւորում մը. իբր թէ թուրքեւատրպէյճանական ներխուժումը դիմագրաւելու իր կոչումին եւ պատասխանատուութեան տէր կանգնելու անընդունակ գտնուած հայոց պետականութեան փոխարէն՝ Անդրանիկ ԱՆՁՆԱՊԷՍ կամաւորներ հաւաքեց եւ կռիւ մղեց…
Անդրանիկի մեծութեան եւ, ընդհանրապէս, պատմական ճշմարտութեանց հետ այսպիսի թեթեւութեամբ վարուող Հանրային հեռուստատեսութեան մերօրեայ գաղափարախօսները բնականաբար դատապարտուած էին պատմաշինութեան աւազախրումին, որովհետեւ նաեւ հնչեցուցին այն մեկնաբանութիւնը, թէ Անդրանիկ Ղարաբաղի օգնութեան չհասաւ, որովհետեւ տարածաշրջանի անգլիական զօրքերու հրամանատարը՝ զօրաւոր Թոմսըն… սպառնաց Եւրոպայի մէջ Հայկական հարցին աննպաստ լուծում տալ։ Եւ այդպէ՜ս, Անդրանիկ ոչ միայն տեղի տուաւ, այլեւ ընդմիշտ հեռացաւ Հայաստանէն ու վերջնականապէս պատեանի մէջ դրաւ իր… սուրը։
Թերեւս կարենայինք այս ամէնը խորհրդային յամեցող ազդեցութիւն նկատել եւ ներողամտութեամբ անտեսել, եթէ Անդրանիկի արժեւորման նորագոյն այս փորձը պարզապէս Անհատի Պաշտամունքի «ժառանգութեան» հետեւանք վրիպում մը ըլլար։ Բայց Փետրուար 25ի հաղորդման ընթացքին պարբերաբար կրկնուող գաղափարախօսական այլ միջամտութիւն մը արդէն տարբեր հարթութեան վրայ դրաւ վերարժեւորման ամբողջ ուղղութիւնը՝ հայ քաղաքական միտքը նորովի խոցող պառակտիչ մօտեցում մը լուսարձակի տակ առնելով։
Ի մտի ունինք Անդրանիկը հետեւողականօրէն Դաշնակցութեան հետ անհաշտ հակադրութեան մէջ դիտելու եւ ներկայացնելու ճիգը Փետրուար 25ի հաղորդման գաղափարախօսական խմբագիրներուն։
Հաղորդման համաձայն՝ իբր թէ Անդրանիկը 1907ի ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին իր մասնակցութենէն ետք լրիւ հիասթափուած է եղած Դաշնակցութենէն… մինչդեռ պատմական իրողութիւնը այն է, որ Անդրանիկ այդ ժողովին ոչ միայն Դաշնակցութեան ներքին միասնականութիւնը ամրապնդող գլխաւոր գործիչներէն մէկը եղաւ, այլեւ՝ ՀՅԴ կամքը ներկայացնող զինուորական խորհուրդին անդամ ընտրուեցաւ։
Դարձեալ հաղորդման համաձայն՝ իբր թէ 1909ին Դաշնակցութիւնը, Օսմանեան խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական աթոռ առաջարկելով Անդրանիկին, փորձեց զայն կաշառել, որպէսզի իր կարգին գործակցի Իթթիհատի հետ… Մինչդեռ իրողութիւնն այն էր, որ հայ ժողովուրդը Վարդգէսի եւ Անդրանիկի օրինակով յեղափոխականի ու դաշնակցականի կարծր կազմաւորում ունեցող դէմքերու պէտք ունէր Օսմանեան խորհրդարանին մէջ՝ դաշնակցականօրէն հակակշռելու համար նորայայտ իթթիհատականները…
Կարիքը չկայ այլեւս անդրադառնալու 1917էն ետք Դաշնակցական գործող ղեկավարութեան հետ Անդրանիկի ունեցած տարակարծութեանց վերաբերեալ Փետրուար 25ի հաղորդման կատարած յղումներուն։ Հաղորդման նախաձեռնող գաղափարախօսները փաստօրէն նորագոյն փորձ մը կատարած էին Անդրանիկը հակադրաբար Դաշնակցութեան… մեծարելու։
Թէ որքանո՞վ յաջողեցան կամ պիտի կարենան յաջողիլ՝ անշուշտ ժամանակը ցոյց կու տայ։ Թէեւ փաստ է, որ ցարդ ապարդիւն անցած են նմանօրինակ փորձերը։
Այսօր մեր մտքերը չարչրկող հարցականը այն է, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները ի՞նչ դիրք ունին Անդրանիկի արժեւորման կամ վերարժեւորման այս ուղղութեան նկատմամբ։
Փետրուար 25ի հաղորդման այս ուղղուածութիւնը պատահակա՞ն վրիպում էր, թէ՞ պաշտօնական քաղաքականութեան մէկ դրսեւորում…
Վերջին շրջանին եւ տարբեր առիթներով յաճախակի կը կրկնուին այսօրինակ… պատահականութիւնները, որոնց նոյնպէս կ՛արժէ անդրադառնալ առանձին կեդրոնացումով։
Մինչ այդ արդարացի է հարց տալ, թէ պաշտօնական Երեւանին կողմէ ե՞րբ ԷԱՊԷՍ պիտի վերարժեւորուի Անդրանիկը, ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ Անդրանիկը։
Պիտի գա՞յ այդ օրը։
Կու գայ։
Yerp vaz bidi antsnik mer heross’e tchartcharele
Père Lachaisie i metch nerga éi ir adjun’ner’e pokhatradz jamanag
Partsratsayn ge esséi;
YERP HANKISSD BIDI TOGHOUK MER AYSS HRACHALI HAYOTS HEROSS’E???????