ՊԸՐՊԵՆՔ.- Փետրուար 23ին, «Հայ քրիստոնեայ երիտասարդաց առաքելութիւն դէպի Հայաստան» ծրագրի ժողովը գումարուեցաւ առաջնորդարանին մէջ: Արմինէ Սեմիրճեան տեղեկութիւններ հաղորդեց երիտասարդներուն եւ անոնց ծնողներուն՝ այս առաքելութեան նպատակի մասին:
Այս առթիւ 5 երիտասարդներ արձանագրուեցան միանալու խումբին: Այս տարուան այցելութիւնը պիտի տեւէ չորս շաբաթ՝ Յուլիս ամսուան ընթացքին: Այցելուները երեք շաբաթ պիտի բնակին Երեւանի մէջ եւ շաբաթ մըն ալ Գիւմրիի մէջ, ընտանիքներու մօտ:
Երիտասարդները պիտի այցելեն հայ վանքեր եւ եկեղեցիներ, պիտի այցելեն Արցախ, ընկերային հանդիպումներ պիտի ունենան զանազան խումբերու հետ, պիտի կատարեն հոգեւոր նիւթերու շուրջ խորհրդածութիւններ: Այս առթիւ պիտի մշակեն նաեւ համայնքային այլ ծրագիրներ: Հայաստան մեկնող երիտասարդները նախապատրաստական հանդիպումներ պիտի ունենան. անոնք ճամբայ պիտի ելլեն Յուլիս 1ին եւ Լոս Անճելըս պիտի վերադառնան Յուլիս 30ին: