ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Իր բազմաճիւղ առաքելութիւնը առաջ մղելու ջանքին մէջ, USC-ի Հայագիտական հիմնարկը վերջերս երկու ձեռնարկներ իրականացուց:
Առաջինը՝ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Փետրուար 21ին, Լոս Անճելըսի Հայ աւետարանական միացեալ եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ: Երեկոն նուիրուած էր Ներսես Շնորհալիին եւ անոր շարականներուն: Աւելի քան 350 ներկաներ վայելեցին սոյն յիշատակելի երեկոն, որուն բացումը կատարեց վեր. Ռան Թովմասեանը: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Հայագիտական հիմնարկի վարիչ փրոֆ. Հրայր Տէքմէճեանը, որ ներկայացուց Շնորհալիի դիմագրաւած դժուարութիւնները, անոր ղեկավարման ոճը, հաւատքի կառոյցը եւ բազմաթիւ իրագործումները: Ապա, Հայ աւետարանական միացեալ եկեղեցւոյ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Յովան Կաճէրեանի, հոյակապ կերպով ներկայացուց Շնորհալիի շարականներէն նմոյշներ:
Երկրորդ ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Փետրուար 22ին, նուիրուած էր շարժապատկերի հայազգի բեմագիր Մարտիկ Մարթինին, որ նոյն համալսարանին մէջ շարժապատկերի արուեստներու դասախօս մըն է: Ան խօսեցաւ «Հայ ըլլալ Հոլիվուտի մէջ» նիւթին շուրջ:
Պարսկաստան ծնած, սակայն Իրաքի մէջ հասակ նետած Մարթին ծանօթ է յատկապէս Մարթին Սքորսէզիի բեմադրած «Մին սթրից», «Նիւ Փորք, Նիւ Եորք» եւ «Ռէյճինկ պուլ» շարժապատկերներու բեմագրութիւններով, սակայն ան նաեւ բազմաթիւ այլ գործերու հեղինակ է: Ամերիկայի գրողներու միութիւնը 2006ին ամերիկեան 101 լաւագոյն բեմագրութիւններու ցանկին մէջ անոր «Ռէյճինկ պուլ»ը չորրորդ դասած էր: