ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքերը միայն իրենք զիրենք պէտք է մեղադրեն 28 Փետրուարին «Սի.Պի.Էս.»էն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բացայայտիչ ծրագիրի մը սփռումին համար։
Եթէ թրքական կառավարութեան մնայուն ուրացումներն ու խեղաթիւրումները չըլլային, Հայկական Ցեղասպանութիւնը մոռցուած պատահար մը պիտի չըլլար աշխարհի պատմութեան մէջ։ Սակայն, որովհետեւ թուրքերը կը մերժեն դէմ յանդիման գտնուիլ իրենց ոճիրներուն եւ կը շարունակեն նիւթել նախատալից սուտաբանութիւններ, արդարամիտ մարդիկ ամէն տեղ զանազան միջոցառումներու կը դիմեն իրականութիւնը մէջտեղ հանելու համար, ինչպէս «Սի.Պի.Էս.» ըրաւ իր «Սիքսթի մինիթս» յայտագիրին միջոցաւ անցեալ Կիրակի։ Այնքան ատեն որ թուրքերը կը շարունակեն ճշմարտութեան ուրացումը , անոնք պիտի ապրին միջազգային համայնքին կողմէ զանգուածային մարդասպաններ եւ ցեղասպանութեան ուրացողներ կոչուելու ցասումը. արժանի պատիժ մը այդ ձեւի հրէշային ոճիրներ գործելու եւ յետոյ զանոնք ծածկելու համար… Հայ ժողովուրդի դահիճներու եռապետութիւնը՝ Թալիաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, երբեք չէին երեւակայեր, թէ մէկ դար ետք միլիոնաւոր մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ տակաւին պիտի յիշեն 1915ին իրենց գործած այդ վատոգի ոճիրները։
Նշանակալից էր, որ «Սի.Պի.Էս.»ի կողմէ այդ ծրագիրի սփռումէն քանի մը օր առաջ, թրքական կազմակերպութիւններ արդէն կոչ կ՛ուղղէին իրենց անդամներուն, որ նամակներ գրեն հեռատեսիլի ցանցի տնօրէնութեան, բողոքելու համար ծրագիրին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժինին դէմ, հակառակ անոր, որ անոնք տեղեակ իսկ չէին անոր պարունակութենէն… Հանրածանօթ հայկական առածը, որ կ՛ըսէ՝ «Գող, սիրտը դող», լաւագոյնս կը նկարագրէ այդ թրքական տարօրինակ վարմունքը։ Թարգմանաբար, սոյն արածը մօտաւորապէս կը նշանակէ՝ «Գող մը, որ կը վախնայ բացայայտուելէ»։ Խղճահարուած վիճակով, թուրքերը անդադար կը վախնան, թէ պիտի մեղադրուին ցեղասպանութեամբ եւ բարձրաձայն կը հռչակեն իրենց անմեղութիւնը, նախքան ոեւէ մէկուն կողմէ ամբաստանուիլը։
Հայկական Ցեղասպանութեան մասին այդ տասներկու վայրկեաննոց հատուածը ամբողջութեամբ վար զարկաւ թրքական անմեղութեան առասպելը շատ տպաւորիչ ձեւով։ «Սի.Պի.Էս»ի թղթակից Պոպ Սայմըն, փրոֆ. Փիթըր Պալաքեանի հետ միասին ճամբորդութիւն կատարեցին դէպի Տէր Զօր՝ (Սուրիա) «հայկական Աշուիթսը», ուր պեղեցին հայ զոհերուն ոսկորներուն կտորները, պարզապէս իրենց մատներով մակերեսի աւազը քիչ մը փորելով։
Այդ ցնցիչ պատկերները պէտք է անջնջելի հետքեր ձգած ըլլան միլիոնաւոր դիտողներուն միտքերուն մէջ։ Արագ խօսող թուրք ուրացողները չկրցան ջնջել այն ինչ որ դիտողները տեսան իրենց սեփական աչքերով… Ոչ ոք կրցաւ հաւատալ նախկին թուրք դեսպան Նապի Սանսոյի խաբէական բառերը թէ՝ հայերը չէին սպաննուած, այլ պարզապէս տեղեհանուած էին։ Երբ Պոպ Սայմըն հարցումներով ճնշեց զայն, Սանսոյ նախ թերի արժեւորեց յայտնաբերուած ոսկորներուն կարեւորութիւնը եւ յետոյ փորձեց յարգանք շահիլ, նշելով, թէ ՄԱԿի մօտ ցեղասպանութեան սահմանումը հիմնուած է «միտումի» վրայ։ Ան վերջապէս ընդունեց, թէ մեծ թիւով հայեր «մեռան», բայց այդ մէկը թուրքերուն մտադրութիւնը չէր։ Ի՞նչպէս կրնան մէկուկէս միլիոն տղամարդիկ, կիներ եւ մանուկներ Օսմանեան կայսրութեան բոլոր մասերէն յանկարծ անհետանալ։ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան, որ լուռօրէն արձակուեցաւ իր պաշտօնէն այդ հարցազրոյցէն ետք, իր յարմարութեան համաձայն մոռցաւ ՄԱԿի ցեղասպանութեան սահմանումին մէջ նշուած ուրիշ հաստատում մը մէջբերելու. «Դիտումնաւոր կերպով խումբին վրայ բանեցնել կեանքի պայմաններ, որոնք ֆիզիքական կործանման կ՛առաջնորդեն զայն»։ Ցաւալի է, որ «Սի.Պի.Էս» բեմ տրամադրեց այդ ցեղասպանութեան ուրացողին, բան մը, որ երբեք պիտի չընէր եթէ Ողջակիզման մասին ծրագիր մը պատրաստէր։ Արդեօք «Սի.Պի.Էս» պիտի սփռէ՞ր նացիի մը կամ Ողջակիզումը ուրացողի մը տեսակէտները՝ «պատմութեան միւս երեսը» ներկայացնելու համար։
Անշուշտ կարելի չէ Ցեղասպանութեան բոլոր երեսները ներկայացնել տասներկու վայրկեաններու մէջ։ «Սիքսթի մինիթս»ի ներկայացուցած այդ բաժինը կրնար աւելի կորածնիչ ըլլալ թուրքերուն համար եթէ ծրագիրի արտադրողները աւելի բծախնդիր ըլլային իրենց հետաքննութեան մէջ։ Օրինակի համար, ճիշդ չէ որ «ոեւէ ամերիկացի նախագահ չէ գործածած ցեղասպանութիւն բառը»։ Ծանօթ է բոլորին, թէ նախագահ Ռիկըն, 22 Ապրիլ 1981ի իր նախագահական հռչակագիրին մէջ, վերագրում կատարեց Հայկական Ցեղասպանութեան։
Պոպ Սայմըն նաեւ նշեց, թէ Թուրքիոյ դրդումով քաղաքական ճնշումներու իբրեւ հետեւանք խափանուեցաւ 2007ին Քոնկրեսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծի մը վաւերացումը։ Սակայն ան չնշեց, թէ այն երկու օրինագիծերը, որ Միացեալ նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուցած էր 1975ին եւ 1984ին։ Երբ Սայմըն հարց տուաւ թուրք բանագնացին թէ՝ ինչո՛ւ Միացեալ նահանգներու նախկին ութ արտաքին գործոց նախարարներ մասնակցած էին 2007ի օրինագիծը մեռցնելու թրքական արշաւին, դեսպան Սանսոյ մատնանշեց Միացեալ նահանգներուն համար Թուրքիոյ կարեւորութիւնը։ Ան ըսել կ՛ուզէր, թէ աշխարհաքաղաքական նկատառումները շատ աւելի ծանր կը կշռէին քան մէկուկէս միլիոն կեանքերու կորուստը…
Վերջապէս Պոպ Սայմըն սխալ կերպով նշեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները կը պարունակէին պատմական յանձնաժողովի մը կազմութիւնը՝ «որոշելու համար թէ՝ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցա՞ծ է կամ ո»չ։ Հակառակ անոր, որ այդ հաստատումը յստակ ձեւով չէ բացատրուած Արձանագրութիւններուն մէջ, անիկա կոչ չ՛ուղղեր իրականութիւն յայտնաբերելու յանձնաժողովի մը կազմութեան։
Անկախ այդ սխալներէն, միլիոնաւոր ամերիկացիներ, որոնք դիտեցին այդ յայտագիրը, պէտք է յստակօրէն հասկացած ըլլան, թէ 1915ին թուրքերը «ցեղային մաքրագործում» կատարած են, ինչպէս Միացեալ նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաու տեղեկացուցած էր արտաքին գործոց նախարարութեան։
«Սի.Պի.Էս» հասնող թրքական ժխտական կարծիքներուն դէմ դնելու համար ընթերցողներուն կոչ կ՛ուղղենք ե-նամակներ յղել «Սիքսթի մինիթս»ին՝ շնորհակալութիւն յատյնելու համար այդ լուսաբանող ծրագիրին համար, որ ազդուօրէն կը պայքարի ցեղասպանութեան ուրացման դէմ։ Ծրագիրը դիտելու համար եւ ձեր կարծիքները փոխանցելու համար «քլիք» ըրէք հետեւեալ հասցէին.
http://www.cbsnews.com/video/watch/?id=6253043n
Նաեւ կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել փրոֆ. Պալաքեանին իր պերճախօս բացատրութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ «Սի.Պի.Էս»ի անձնակազմին հետ դէպի Տէր Զօր ընկերանալուն համար ։
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր
ays vargadz’e himnahadag turimatsoutioun e
harout’e chad lav kidé “hrya” kordz’on’e
barz aratcharg;
pokharinel “touzanots”e “zevartnotsov”
turkine kitine pernie dervadz abdag m’e
muss ech’e ouzadzine tchap togh zera
gareli tché???? hryasdan-hayassdan kordzagtsoutyoun me?
genkahayroutyamp ameriga’i yev Rassi’ya’i
hartsoum ? bess!