Թրքական «Ենի Շաֆաք»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, դոկտ. Սետատ Լաչիներ անդրադարձած է Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութեանց, պնդելով, թէ Ուաշինկթըն ի զուր ջանք կը թափէ Հայաստանը սիրաշահելու համար, որովհետեւ Հայաստանի «թափու»ն Ռուսիոյ քովն է, այսինքն՝ Հայաստանը Ռուսիոյ ամբողջական տիրապետութեան տակ կը գտնուի: Լաչիների համաձայն, մինչ Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը կը տեսնուին իբրեւ Արեւմուտքի դաշնակիցներ։ Անոր համաձայն, Ամերիկա խելացի քաղաքականութիւն չի վարեր Կովկասի մէջ Հայաստանին նեցուկ կանգնելով, այլ պէտք է գործակցութիւնը սերտացնէ Վրաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան ճակատին հետ, հասնելով մինչեւ Կասպից ծովի շրջան ու Միջին Ասիա։
«Թուրքիայէն մինչեւ Չինաստան երկարող այդ ճակատին շնորհիւ, Ռուսիոյ ու Իրանի ազդեցութիւնները եւս կը նուազէին։ Սակայն, բացի Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարէն, Ամերիկա բաւականաչափ զօրակցութիւն ցոյց չտուաւ Վրաստանին ու Ատրպէյճանին, ընդհակառակը, Ամերիկա՝ Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն աւելի, Հայաստանին զօրավիգ կանգնեցաւ», գրած է ան՝ դժգոհելով, որ նախագահ Օպամայի ընտրութենէն ետք Ամերիկայէն աւելի ծանր ճնշում կը բանեցուի Հայաստանի սահմանը բանալու ուղղութեամբ:
«Հայաստանին բոլոր ենթակառոյցները պարտքերու փոխարէն Ռուսիոյ հակակշռին տակ դրուած են. բացի ատկէ, Իրանի եւ Թուրքիոյ սահմանները պաշտպանուած են ռուս զինուորներու կողմէ, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ կողմնակիցները այնքա՛ն ուժեղ են, որ դաւաճանի աչքով կը դիտուին այն անձերը, որոնք հայերու եւ ռուսերու բարեկամութիւնը խախտել կը փորձեն», աւելցուցած է Լաչիներ՝ պնդելով, որ Ամերիկա անտեղի կերպով կը վշտացնէ Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը։ «Այս պատճառաւ է, որ Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռեակի արեւմտասէր քաղաքականութիւնը բոլորովին փուլ գալու վրայ է», եզրակացուցած է ան:
Լաչիների պնդումով, ամերիկացիները եւ ռուսերը միայն Կովկասի մէջ է, որ նոյն ուղղութեամբ կը գործեն, եւ ասոր «միակ պատճառը Ամերիկայի հայկական Սփիւռքն է»։
«Հայկական ծագում ունեցող ամերիկացիները կը ծառայեն Ռուսիոյ շահերուն եւ ո՛չ թէ իրենց երկրին, այսինքն՝ Ամերիկայի շահերուն, պարզապէս վնաս հասցնելու համար Թուրքիոյ», գրած է Լաչիներ եւ եզրակացուցած. «Միացեալ Նահանգները, Կովկասի մէջ Թուրքիան, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը Ռուսիոյ գիրկը նետելու գնով, զօրակից կը կանգնի հայերուն, հակառակ այն իրողութեան, որ այս զօրակցութեան պատճառով ուժանիւթի բազմաթիւ ծրագիրներ վնաս կը կրեն»։