ՓՐԱԿԱ.- Կազմակերպութեամբ Չեխիոյ մէջ հաստատուած հայ լուսանկարիչ Գարիկ Աւանէսեանի, վերջերս Փրակայի «Ակադեմիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումը։
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Վերոնիքա Սաուրայեւայի տեսաերիզին շնորհահանդէսը, ուր ներկայացուած էին լուսանկարներ՝ Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն։
Ցուցահանդէսը վերջ գտաւ Փետրուար 25ին։