ՊՈԼԻՍ.- Հրապարակի վրայ են երկու նոր հատորներ եւս Ռ. Հատտէճեանի «Յուշատետր» շարքէն, հին ու նոր յօդուածներով։
Առաջինը՝ «Պտոյտ Հայ Գրականութեան Քուլիսներուն Մէջ», շարքի եօթներորդ հատորն է, «Յուշատետր Թիւ 65», որ կը բովանդակէ այս շարքէն հրատարակուած ամենավերջին յօդուածաշարը։ Այս հատորին երեք գլխաւոր հերոսներն են Ղազարոս Աղայեանը, Պերճ Պռօշեանը ու Նար Դոսը, որոնց կեանքի պատմութիւնները Ռ. Հատտէճեանի կողմէ ներկայացուած են մօտաւորապէս 70 յօդուածներով։
Երկրորդ հատորը կը կոչուի «Մեր Հայրերուն Ժամացոյցը»։ Այս հատորը կը բովանդակէ 1991ին հրատարակուած հին յօդուածները, որոնք այժմ մէկտեղուած են իբրեւ «Յուշատետր-22»։ «Մեր հայրերուն ժամացոյցը» հատորը կը շարահիւսէ հետաքրքրական ու գրականաշունչ յօդուածներ, որոնք ամէն բանէ առաջ կը խօսին ժամանակի այլեւայլ խորհուրդներուն մասին, ինչպէս նաեւ ընկերային, փիլիսոփայական, եւ գրական հարցերու մասին, որոնք ընդհանրապէս «Յուշատետր» շարքի մնայուն նիւթերն են։ Այս հատորը հրատարակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկ»ի մեկենասութեամբ ու հիմնարկի հայկական բաժնի վարիչ տնօրէն Ս. Եկաւեանի քաջալերանքով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.