ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Մարտ 3ին ստորագրուած հրամանագիրով մը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Արաբական պետութիւններու լիկային մօտ Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչի պաշտօնէն ազատած է Ռուբէն Կարապետեանը, ու այլ հրամանագիրով մը, նոյն պաշտօնին համար նշանակած է Եգիպտոսի Արաբական հանրապետութեան մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեանը: