ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Մարտ 5ին, Ատրպէյճանի նախագահի միջազգային յարաբերութեանց հարցերու պատասխանատու Նովրուզ Մամատով յայտարարեց, թէ Իրան այն երկիրներէն է, որ Հայաստանի նեցուկ կանգնելով՝ կը նպաստէ անոր գոյատեւման, եւ այդ պատճառով կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու աշխատանքներուն մէջ, եթէ կամենայ:
«Իրան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը եւ եթէ փոխէ Հայաստանի նկատմամբ իր դիրքորոշումը, ապա ան կրնայ մեզի օգտակար դառնալ, սակայն չեմ կարծեր, որ այս հանգրուանին նման բան տեղի ունենայ», աւելցուց ան:
Ան նաեւ դատապարտեց եւ «անարդար» համարեց Ցեղասպանութեան բանաձեւը վաւերացնելու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին որոշումը՝ պնդելով, թէ նման քայլեր կը դժուարացնեն շրջանի տագնապները լուծելու աշխատանքները: