Ֆրեզնոյի Համայնքին Ծառայելու Առաքելութեան Լծուած Ռատիօժամը
Վարեց՝ ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսպէս կոչուած «Ասպարէզ»ի վերադարձը Ֆրեզնօ:
ԼԵՒՈՆ ԷՍՔԻՃԵԱՆ.- Նախ կ՛ուզեմ ողջունել «Ասպարէզ» օրաթերթի այս յանդուգն եւ կարեւոր քայլը, զոր առիք, քանի մը շաբաթէն թերթը անվճար տարածելով գաղութիս մէջ, եւ ամէնէն կարեւորը՝ Շաբաթ օրուան թիւը ճիշդ օրին հասցնելով մեր ընթերցասէր հասարակութեան։
Այսպիսով, «Ասպարէզ» կրցաւ կամրջել մեր համայնքը Արեւմտեան ափի այլ գաղութներու հետ Եւ թերթը դարձաւ շաբաթօրեայ ներկայութիւն Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, որուն համար շատ շնորհակալ ենք ու երախտապարտ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կրնա՞ք ծանօթացնել «Հովիտի Հայկական Ռատիօժամ»ը՝ այս անգամ մեր միւս շրջաններու ընթերցողներուն: Խնդրեմ ընդհանուր տեղեկութիւններ տուէք ռատիօժամին մասին:
ԼԵՒՈՆ ԷՍՔԻՃԵԱՆ.- «Հովիտի Հայկական Ռատիօժամ»ը իր անունը ճշդած է այդ ձեւով, որովհետեւ մեր ծրագիրը կը սփռուի ամբողջ Սան Վուագիմ հովիտի տարածքին՝ հիւսիւսէն՝ Սաքրամենթօ եւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքներու սահմանները, հարաւէն՝ մինչեւ Պէյքըրսֆիլտ: Հսկայական տարածութիւն է մեզ լսողներուն դաշտը: Ծրագիրը 10000 քիլօուաթ ուժգնութեամբ կը սփռուի ամբողջ կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ:
Գալով ձեր հարցի երկրորդ բաժինին՝ ռատիօժամս, որ պաշտօնական ձայնն է ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, իր ձայնասփռումը սկսած է Մարտ 16, 1997ին, ճիշդ 13 տարիներէ առաջ։ Ռատիօժամիս կարեւորութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ, նկատի ունենալով Ֆրեզնօ քաղաքի աշխարհագրական հեռաւորութիւնը, անիկա կը հանդիսանայ լաւագոյն անմիջական հաղորդակցութեան միջոցը շրջանիս կոմիտէութեան, միութիւններուն եւ հասարակութեան միջեւ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ե՞րբ եւ ի՞նչ յաճախականութեամբ կը սփռուի ծրագիրը:
ԼԵՒՈՆ ԷՍՔԻՃԵԱՆ.- Ռատիօժամս կը ձայնասփռուի «1510 AM» միջին ալիքի վրայ ամէն Կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 1-3: Քայլ պահելով արհեստագիտութեան հետ՝ ռատիօժամս կ՛օգտուի նաեւ համացանցի միջոցաւ ամբողջ աշխարհով մէկ տարածուելու կարելիութենէն՝ www.acffresno.com կայքէջէն, ինչպէս նաեւ ունինք պատկերասփիւռի բաժին մը, որ կը կոչուի «Valley Armenian TV»:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այժմ՝ ձեր անձնակազմին եւ յայտագիրներուն մասին:
ԼԵՒՈՆ ԷՍՔԻՃԵԱՆ.- Նախքան յայտագիրներուն անցնիլս, կ՛ուզեմ նշել, որ ասկէ մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ, շրջանիս կոմիտէն կատարեց հսկայական ներդրում մը՝ մեզի տրամադրելով աշխատատեղիի (Studio) անհրաժեշտ բոլոր գործիքներով, թուայնացած (digital) համակարգչային գերարդիական բոլոր սարքաւորումներով, եւ այսօր այդ վայրը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայ կեդրոնի ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Մեր շուրջը բոլորուած են գաղութիս մէջ յայտնի հրապարակագիր Սարգիս Փանոսեանը, յայտնի ասմունքող Արա Քէնտիրճեանը, իսկ անգլերէն բաժինը կը վարէ տեղական, ամերիկեան ռատիօկայաններու մէջ փորձառութիւն ունեցած Րաֆֆի Շխրտմեանը: Ռատիօժամս ունի մնայուն թղթակցուհի Հայաստանէն՝ Լիլիթ Լալայեանը, որ շաբաթական դրութեամբ կը փոխանցէ վերջին իրադարձութիւնները մայր հայրենիքէն։
Ռատիօժամիս կ՛օժանդակեն նաեւ Թալին Վարդանեան, Նշան Տէր Գալուստեան, Ալիք Յովսէփեան, Սեւակ Ճիերեան եւ Անթոնի Թորոսեան։ Այսքանը՝ անձնակազմին մասին. գալով յայտագիրներուն՝ անոնք կ՛ընթանան հետեւեալ կարգով. հայկական երաժշտութիւն, երգեր, լուրեր՝ գաղութի կեանքէն. «Հայ արուեստ» յայտագիրը կը պատրաստէ ու կը ներկայացնէ Արա Քէնտիրճեանը: Ունէինք «Պատմութիւնը կը խօսի» խորագիրով յայտագիր մը, որ հիմա փոխարինուած է «Իմ Հայաստան Եարն Եմ Սիրում» հաղորդաշարով: Այս յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէ ամբողջ մեր մշակոյթին պատմութիւնն ու երեւոյթները՝ անցեալի ու ներկայի դէմքերով ու դէպքերով, կը պատրաստէ ու կը ներկայացնէ Սարգիս Փանոսեանը, որուն կ՛ընկերանայ Արա Քէնտիրճեանը՝ ասմունքով։
Ես կը ներկայացնեմ հայերէն լուրերը, քաղաքական վերլուծումները, կամ հարցազրոյցները, ապա կը կապուինք Հայաստան, Լիլիթ Լալայանին, որպէսզի ներկայացնէ հայրենիքէն վերջին իրադարձութիւնները: Ունինք նաեւ անգլերէն բաժին մը, զոր կը պատրաստէ ու կը ներկայացնէ Րաֆֆի Շխրտմեանը, որ անգլերէն լեզուով կը հաղորդէ լուրերը: Ռատիօժամս, պարբերաբար, իր յայտագիրները ամբողջութեամբ կը նուիրէ տօներու եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող յատուկ օրերու, ինչպէս՝ Վարդանանցին, Ապրիլ 24ին, Մայիս 28ին, եւ այլն…։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
ԼԵՒՈՆ ԷՍՔԻՃԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ, մեր ծրագիրները շատ են ու հորիզոնները՝ լայն, եւ անոնք կ՛իրականան միացեալ ջանքերով: Վառ օրինակը, վերջերս, ռատիօժամիս սատար կանգնելու համար կազմակերպած էինք «ռատիօթոն», որուն միջոցաւ կոչ ուղղեցինք մեր ունկնդիրներուն, որ իրենց լուման ներդնեն ռատիօժամիս գոյատեւման ու բարգաւաճման: Հաճելի է զեկուցել, որ երկու ժամ տեւած այս «ռատիօթոն»ին շնորհիւ, գոյացաւ աւելի քան 4000 տոլար:
Այսօր ուրախութեամբ կ՛ուզեմ նշել, որ ռատիօժամս նիւթապէս ինքնաբաւ է, շնորհիւ մեր բոլոր հաւատարիմ ունկնդիրներուն, որոնց կ՛ուղղենք մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք եղբ. Վաչէ Սողոմոնեանին, որ ստանձնած է ծրագրի երկու ամսուան ծախսերը։
Մեր ապագայի նպատակներէն կարեւորագոյնը միացեալ ջանքերով միացեալ ռատիօժամ ստեղծելն է, մեր երգն ու երաժշտութիւնը, մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները տարածել ամբողջ Լոս Անճելըսի, Կլենտէյլի, Օրէյնճ Քաունթիի եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի շրջանները։
Շատ բազմաբովանդակ հարցացրույց է, շատ սիրեցի