ՊԵՐՃ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Երեքշաբթի երեկոյեան դիտեցի հայ թեկնածուի մը վճարովի մէկ յայտագիրը, որ զիս մղեց մտածելու, թէ արդեօ՞ք Ապրիլ 13ին, հայ համայնքը պիտի կրնայ շահիլ Փօլ Գրիգորեանի թափուր թողած նահանգային խորհուրդին աթոռը:
Ինչ որ տեսայ այդ երեկոյ, շատ լուրջ դիմագիծով թեկնածու մըն էր, որ թոյլ կու տար իրար հրմշտկող հեռախօսողներուն զիրար գերազանցել՝ թունաւոր եւ պառակտիչ յայտարարութիւններ կատարելու մէջ:
Ձեռնածալ մնալ կարելի չէր: Մենք նոյն այս կացութիւնը դիմագրաւեցինք Կլենտէյլի ընտրութիւններուն ժամանակ: Անդրադարձայ, որ անցեալի ընտրապայքարներու մեր համայնքէն ներս կատարուած թունաւոր ելոյթները առաւել մոլեգին կը դառնային: Մեր մրցակիցները չփախցուցին այս առիթը ու յաւելեալ աթոռներ շահեցան Կլենտէյլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն: Մեր համայնքը կորսնցուց իր ազդեցութիւնն ու կշիռը Կլենտէյլի մէջ:
Բաժնէ՛, որ տիրես: Ահա այն զէնքը, որ մեր մրցակիցներուն կողմէ կ՛օգտագործուի՝ մեզ պարտութեան մատնելու համար:
Մենք ալ մեր հերթին, կը դիւրացնենք անոնց գործը: Ահա տեսէ՛ք: Բաւական է, որ անոնք բազմացնեն հայ թեկնածուներուն թիւը, այս պարագային՝ միայն երկրորդ թեկնածու մը հրապարակ նետելով, ու հայ համայնքին քուէները կը կիսուին եւ թունաւոր քարոզչութեան շնորհիւ՝ հայ քուէարկողներու մասնակցութեան թիւն ալ կը նուազի:
Կնոջս եւ աղջկաս հետ դիտելով, թէ ինչպէ՛ս հեռախօսողները թեկնածուին խրախուսանքով կը նենգափոխէին ճշմարտութիւնը՝ անզօր զայրոյթի զգացումն էր, որ կը պատէր մեզ: «Այս մարդիկը չե՞ն գիտակցիր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն», կ՛ըսէր կինս, որ կը տագնապէր: Կրնայ ըլլալ, որ հեռաձայնողները չեն անդրադառնար իրենց պատճառած վնասին, բայց անոնցմէ օգտուողները յոյսերնին կապած են այդ հեռաձայններուն:
Ապրիլ 13ի ընտրութիւններուն պիտի ներկայանան երեք դեմոկրատ թեկնածուներ, որոնցմէ երկուքը՝ հայեր: Վնասը արդէն իսկ եղած է, հայկական քուէն՝ բաժնուած:
Հայ համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւնները պիտի յորդորեն մեզ քուէարկել ի նպաստ այն հայ թեկնածուին, որ առաւել մեծ հաւանականութիւն ունի յաղթելու: Վստահ եմ, որ անոնք երկու թեկնածուներուն ալ դրական բնութագիր պիտի տան, բայց եւ այնպէս, անոնք պիտի զգուշացնեն մեզ, թէ հայ թեկնածուները միայն հայկական քուէով չեն կրնար յաղթանակ ապահովել: Արդարեւ, ընտրական այդ շրջանին մէջ հայկական քուէն, արձանագրուած քուէարկողներու 16 տոկոսը կը կազմէ միայն, եւ անոր վրայ միայն հիմնուելով՝ կարելի չէ յաղթել, մանաւանդ, երբ այդ քուէն պիտի տարտղնուի երկու թեկնածուներու առկայութեան պատճառով:
Այսուհանդերձ, մենք կրնանք այս վիճակը փոխել յօգուտ մեր համայնքին եւ շահիլ ընտրութիւնը: Նախ պէտք է Ապրիլ 13ին խուռներամ ներկայանանք քուէարկելու: Մեր մրցակիցները թող անդրադառնան, թէ մեր համայնքը պառակտելու մարտավարութիւնը արդիւնաւէտ չի կրնար ըլլալ այլեւս: Թող իմանան, որ թունաւոր քարոզչութեամբ մեզ բարոյալքելու միջոցը ապարդիւն է: Թող անդրադառնան, որ մեզ շփոթեցնելու ճամբով պարտութեան մատնելու քայլերը պիտի հանդիպին գիտակից հակազդեցութեան: Թող իմանան, որ մենք պիտի շահինք այս ընտրութիւնները:
Յառաջիկայ շաբաթներուն, ես եւ Հայ Դատի յանձնախումբի կամաւորներ, ձեզի հետ պիտի կիսենք մեր մտածումները եւ առաջարկները՝ հայերու քուէները բազմապատկելու եւ զանոնք դէպի յաղթանակ ուղղորդելու վերաբերեալ: