Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Անցած երեք շաբաթներուն ընթացքին մանրամասնօրէն խօսեցանք այն անհանգստութիւններուն մասին, որոնք կը հարուածեն կիներու առողջութիւնը։ Այս շաբաթ նաեւ կ՛անդրադառնանք անոնցմէ կարեւորագոյններէն մէկուն եւ թերեւս՝ ամէնէն յաճախակի պատահածը։
ԳԵՐՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ (Deepration)
Գերճնշուածութիւնը կանանց մօտ աւելի յաճախակի յայտնուող երեւոյթ է քան տղամարդկանց մօտ։ Մտային առողջութեան հարցերով զբաղող Ամերիկեան ազգային հիմնարկը կը յայտնէ թէ, տարեկան 12 միլիոն կիներ կը տառապին այս հիւանդութենէն։
Մասնագէտ հոգեբան Տօրի Լին կը յայտնէ, թէ «Կանայք, իրենց կեանքին ընթացքին կարիքը ունին յարաբերութիւններու եւ մտերմութիւններու»։ Ան կ՛աւելցնէ. «Կիները կարիքը ունին հաստատ ու ամուր կապի մը իրենց կեանքին ընթացքին, իսկ եթէ այդ մէկը բացակայի, ապա անոնք անպայման գերճնշուածութեան զոհը կը դառնան»։
Երբեմն հորմոնային փոփոխութիւնը նաեւ կը գրգռէ իրավիճակը, յատկապէս ծննդաբերութենէն ետք կամ դաշտանադադարի ընթացքին, երբ կանայք աւելի յակամէտ կ՛ըլլան նմանօրինակ կացութեան։
Այլ ազդակներ, որոնք կը յառաջացնեն գերճնշուածութիւն.
– Եթէ ենթական նախապէս անցուցած է նման պարագայ մը
– Ընտանեկան գերճնշուածութեան պարագաներ
– Սրտի անհանգստութիւն
– Լուրջ եւ երկարատեւ հիւանդութիւններ
– Ամուսնական հարցեր
– Յաճախակի վատ վերաբերմունք (abuse)
– Գործածութիւնը կարգ մը դեղօրայքներու, որոնք կը գրգռեն գերճնշուածութիւնը, ինչպէս՝ արեան բարձր ճնշումի համար օգտագործուած դեղերը
– Կեանքի ընթացքին պատահած ծանր հարուածներ՝ մահ, գործի կորուստ
– Գեղձերու անհանգստութիւններ
– Բժշկական եւ հիւանդանոցային լուրջ կացութիւններ, վիրահատութիւններ
– Մանկութեան ապրած վատ վերաբերմունքի երեւոյթներ
– Շատ մտահոգուող եւ անհանգիստ բնաւորութիւն
– Անկանոն ուտելու երեւոյթներ կամ anxiety խանգարումներ
Դոկտ. Լինը այս պարագաներէն հեռու մնալու համար կ՛առաջարկէ առաւօտեան արթննալու լաւ պատճառ մը ունենալ, ինչպէս աշխատանք, համայնքի ծառայութիւն, սէր եւ կամաւոր ծառայութիւններ։ Այս աշխատանքները շատ լաւ դարմանումներ կրնան ըլլալ նմանօրինակ իրավիճակներէ զերծ մնալու համար։ Ան կը շարունակէ. «Ամէնէն առողջ մեծահասակները անոնք են, որոնք յստակ, կայուն, հոգատար եւ հետեւողական յարաբերութիւններ ունին»։ Այն չափահասները, որոնք զուրկ են խնամքով, սիրով ու հոգատարութեամբ լեցուն յարաբերութիւններէ, շատ աւելի բարձր հաւանականութիւն ունին գերճնշուածութեան ենթարկուելու»։
—————————————————————————————————————————————————–
Մեծ Պահքը Եւ Հայ Ընտանիքը
Իբրեւ հայ մայր եւ հայ կին, մեր անմիջական պարտաւորութիւններէն մէկն է ազգային աւանդական սովորութիւնները եւ բարքերը պահպանել ու ի գործ դնել ընտանեկան յարկէն ներս։
Մեծ Պահոց սուրբ եւ Ժուժկալ օրերուն, հարկ է պահպանել մեր եկեղեցական եւ ազգային սովորութիւնները։ Այս սովորութիւններու կիրառումով նաեւ կրնանք հասկցնել մեր զաւակներուն առողջապահական ապրելակերպի անհրաժեշտութիւնը։
Կրօնական այս սովորութիւնը, վստահաբար, մեր նախահայրերը պատահականութեամբ չեն որդեգրած։ Անոր մէջ կայ ժուժկալութեան, կամքի ու հաւատքի զօրացման եւ մանաւանդ առողջութեան նպաստող ամբողջական իրականութիւն մը։ Տարուան 365 օրերէն մօտաւորապէս 50 օրերուն ընթացքին հեռու մնալ անասնական արտադրութենէ, եւ դառնալ բուսակեր։ Այս օրերուն նոյնիսկ արեւմտեան բժշկական թելադրանքներուն համապատասխանող խորհուրդ մըն է այս մէկը:
Հայ մայրը դիւրութեամբ կրնայ այս մէկը մատուցել իր զաւակներուն, եթէ ինք անձամբ համոզուած ըլլայ այս իրականութեան եւ անմիջական գործադրողը դառնայ։ Ազգային-կրօնական դաստիարակութիւնը եւ առողջապահական կրթութիւնը միաժամանակ կարելի է ջամբել պարզ միջոցներով։ Առաւել ջանք իսկ չի պահանջեր մեզմէ, սակայն առաւելագոյն շահ կ՛ապահովէ մեր առողջութեան եւ ազգային քրիստոնէական էութեան:
Վերջին հաշիւով, հաւատքով եւ կամքով զօրացած սերունդ ունենալ կը նշանակէ՝ վատ հոսանքներուն եւ կեանքի ալեկոծութիւններուն դէմ ամուր կանգնող էակներ պատրաստել։ Անշուշտ այս մէկը իւրաքանչիւր դաստիարակի եւ յատկապէս մօր իտէալն է։
Աւանդութիւններուն լաւ բաժինները օգտագործենք՝ կայուն արմատներով ապագայի մը հեռանկարով։