ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ հայրերէն մէկը, որուն անունը գիտենք սակայն ինքնութիւնը անծանօթ մնացած է, Ադամի մենախօսութիւնը արձանագրած է, երբ ան դժոխքին մէջ իմացած է Յիսուսի խաչելութեան մասին:
Մարդկային երեւակայութեան թափ տուած ըլլալ նկատուելէ առաջ, նման գրութիւններ կերպով մը լրացուցիչ են Աստուածաշնչական այնպիսի հատուածներու, որոնց ներկայացուցած դրուագներուն շարունակութիւնը, կամ մութ մնացած մասերը կ՛ուզէ իմանալ ընթերցողը: Խորհուրդը կրնայ այնտեղ արտայայտուած ըլլալ, սակայն տողամիջի գրութիւնները թանձրականօրէն կրնան արձանագրուած չըլլալ:
Քրիստոնեայ աստուածաբանութիւնը, հիմնուած հայրերու գրականութեան վրայ, Քրիստոսի երեքօրեայ թաղումը երկրի ընդերքին մէջ, կը մեկնաբանէ, զայն ներկայացնելով դէպի դժոխք՝ դէպի նախահայրերուն մօտ էջք, ուրկէ ազատեց անոնց հոգիները: Աստուծոյ փրկագործական ծրագրի վերջնական իրականացումէն առաջ ննջած նախահայրերու հոգիներուն ազատագրումը մահուան ճիրաններէն, հետեւաբար, Քրիստոսի դժոխք էջքով իրագործուեցաւ:
Քրիստոնեայ հեղինակը այնքան պատկերաւոր ոճով կ՛ըսէ, թէ երբ Յիսուս խաչին վրայ մահանալէ ետք իր ոտքը դրաւ մեռելներու աշխարհին մէջ՝ դժոխքի սահմաններէն ներս, նախամարդը՝ Ադամ, լսեց անոր ոտնաձայնը: Ան ըսաւ, թէ «ասիկա ինծի ծանօթ ոտնաձայն է. այն ոտնաձայնն է, զոր լսած էի դրախտին մէջ, երբ իններորդ ժամուն Աստուած կը ճեմէր ու զիս փնտռեց»:
Ադամի մենախօսութեան մէջ սակայն, դրական եւ յուսադրիչ երեւոյթ մը կայ: Ան կ՛ըսէ, թէ «միայն ստուգեմ որ Աստուծոյ ոտնաձայնն է ատիկա, այլեւս չեմ վախնար, ինչպէս վախցայ դրախտին մէջ, որովհետեւ, կ՛ըսէ, Ան զիս պիտի պատուէ, պիտի ջնջէ դատապարտութեանս գիրը, անէծքը պիտի վերցնէ, արցունքներս պիտի սրբէ, տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխակերպէ, մահը պիտի հալածէ, ու մեռածներուն յարութեան յոյս պիտի պարգեւէ»:
Տակաւին, Ադամ զուգահեռաբար դրախտին մէջ Աստուծոյ հետ իր հանդիպման, կ՛ըսէ՝ թէ այլեւս երբ Աստուած ձայնէ իրեն ըսելով. «Ո՞ւր ես Ադամ», «չե՛մ պահուըտիր, ոչ ալ թզենիով կը ծածկուիմ, այլ բացայայտօրէն կը կանգնիմ անոր դիմաց: Այլեւս, կ՛ըսէ, չեմ պատճառաբաներ ըսելով թէ այդ կինը որ ինծի տուիր, ա՛ն խաբեց զիս ու մահացայ, այլ կ՛ըսեմ, թէ անոր սերունդէն եղող ուրիշ աղջկայ մը՝ Մարիամի միջոցաւ յարութեան ձայնը լսեցի ու կենդանացայ»: Ու այսպէս շարունակելով իր մենախօսութիւնը, Ադամ կÿըսէ, թէ «Աստուած ինծի պիտի չըսէ՝ Հող էիր, հող դառնաս, այլ՝ պիտի ըսէ որ թէպէտ դրախտէն վտարուեցար, սակայն հիմա դարձեալ դրախտ պիտի մտնես»:
Մինչ Ադամ այսպիսի մտածումներու մէջ էր, Յիսուսի հետզհետէ կը մօտենայ իրեն, ու ինք կը լսէ անոր ոտնաձայնը շատ մօտէն: Ապա անոր ձայնը. «Ո՞ւր ես, Ադա՛մ»: Բայց շուտով կը շարունակէ ան, ըսելով. «Մի՛ վախնար, ո՛չ ալ պահուըտիր, թզենիով ալ պէտք չունիս ծածկուելու, որովհետեւ այնպէս ինչպէս դուն դրախտին մէջ պարտուեցար, ես ալ պարտէզին մէջ մատնուեցայ: Մի՛ վախնար, որովհետեւ ինչպէս դուն ծառին պատճառաւ դատապարտուեցար, ես ալ փայտին վրայ խաչուելով չարչարուեցայ ու մահացայ, որպէսզի քեզ ազատեմ այստեղէն: Մի՛ ամչնար ու երեսդ մի՛ ծածկեր ինձմէ, որովհետեւ քու փոխարէնդ իմ երեսիս վրայ ես թուք ստացայ արդէն, որպէսզի քու երեսդ արեգակէն աւելի փայլուն, եւ ճակատդ միշտ բարձր ըլլայ: Մի՛ սարսափիր, որովհետեւ թէպէտ ձեռքերովդ առիր ծառին պտուղէն ու կերար, իմ ձեռքերս քուկիններուդ փոխարէն, խաչին վրայ գամուեցան: Դուն կենաց ծառին պտուղէն կերար ու կեանքդ դառնացաւ, իսկ ես քու փոխարէնդ լեղին խմեցի խաչին վրայ, քու բերանդ անուշցնելու համար: Ի վերջոյ Ադամին կ’ըսէ, որ բնաւ մի՛ ափսոսար մահուամբ գերեզման դրուելուդ համար, որովհետեւ ես քեզի համար գերեզմանի մէջ դրուեցայ, որպէսզի քեզ՝ թաղուածդ, վերակենդանացնեմ:
Ադամ այս ամէնը լսելէ ետք բարձրաձայն կը խոստովանի Տիրոջ, թէ առաջին անգամ լսած ձայնը՝ դրախտին մէջ, սոսկում պատճառած էր իրեն, սակայն երկրորդը՝ դժոխքին մէջ՝ ուրախութիւն…: Առաջին ձայնը լսելուն, մերկացած ըլլալով աստուածային շնորհքներէն, ամչցած էր, սակայն հիմա ամչնալու պատճառ չունէր, երբ Աստուած զինք վերստին զարդարած էր երկնային շնորհքներով, ու մանաւանդ անմահութիւնը տալ կը խոստանար:
Տիրոջ հետ իր երկխօսութեան աւարտին, Ադամ դժոխքին մէջ ոտքի կ՛ելլէ ու համարձակօրէն կը ձայնէ բոլոր մեռելներուն, ըսելով.
_ Մեռելներ, լսեցէ՛ք աւետիսի այս ձայնը: Դուք որ իմ պատճառովս մահը ճաշակեցիք, ահաւասիկ դարձեալ իմ միջոցաւս ազատութեան աւետիսը կը տրուի ձեզի: Ան որ զիս մերկացուց երկնաւոր շնորհքներէ, այսօր վերստին կը զգեցնէ ինծի այդ շնորհքները, ու իր դառն բարկութիւնը ուրախութեան փոխակերպելով, դրախտի վայելքը վերստին տալ կը խոստանայ:
Ադամի այս խօսքերը լսելով, բոլոր նահապետներն ու մարգարէները ոտքի կ՛ելլեն՝ Աբէլ, Նոյ, Աբրահամ, Մելքիսեդէկ, Իսահակ, Յակոբ, Յովսէփ, Դաւիթ, Եսայի, Ամբակում, Երեմիա, Միքիա, Յովէլ, Բաղամ, Զաքարիա, Սիմէոն ու Յովհաննէս: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կատարած առաքելութեան լրումը կը տեսնէ Քրիստոսի անձին մէջ, եւ կը յուսադրուի անկէ գալիք ապագայ փառքով:
Յիսուսի ոտնաձայնը, նոյնիսկ դժոխքին մէջ, յոյսի ոտնաձայն է: Աստուծոյ ներկայութիւնը ամէն տեղ ունինք մեր կողքին: Կը բաւէ միայն պահ մը ականջ տալ եւ անպայման պիտի լսենք անոր ոտնաձայնը: Մեր կատարած Աստուածպաշտութեան ընթացքին թէ անկումի պահերուն, Յիսուսի ոտնաձայնը կարելի լսել մեր կողքին: Ան մեզի հետ կը քալէ միշտ, նոյնիսկ երբ կը մեղանչենք այս աշխարհի մէջ:
Ճիշդ է, երբեմն անոր ոտնաձայնը կը վախցնէ մեզ, կը պահուըտինք անոր աչքէն, կարծելով որ չի՛ տեսներ մեզ: «Ծառերուն» ետին կը մտնենք, կամ «թզենիով» կը փորձենք ծածկուիլ, սակայն Աստուած մեզ կը տեսնէ միշտ, ու մեր չակնկալած պահուն կրնայ փնտռել մեզ, ու կանչել ըսելով. «Ո՞ւր ես…»:
Աստուածային այս փնտռտուքին դիմաց քաջաբար կանգնելու համար, պէտք է միշտ ականջ տալ Յիսուսի ոտնաձայնին: Մեր քայլերուն համահունչ է Յիսուսի ոտնաձայնը, որովհետեւ մեր շուքին պէս կը հետեւի մեզի, ու բնաւ չի՛ հեռանար մեր մօտէն:
Իր երեքօրեայ թաղմամբ, Յիսուս դժոխքին մէջ ուրախութիւն ստեղծեց, ազատագրելով նախահայրերուն հոգիները: Իսկ երկրաւոր դժոխքին մէջ, մարդկութեան առօրեայ կեանքին մէջ Յիսուսի ոտնաձայնին ականջ տուող կա՞յ արդեօք: Ոմանք կը լսեն Յիսուսի ոտնաձայնը, ու զայն կ՛ընդունին միայն իբրեւ պահապան իրենց կեանքի, յատկապէս նեղութեանց ու փորձութեանց պահերուն: Սակայն, անոր ոտնաձայնը լսելը, մեզ պարտաւորութեան մը առաջ կը դնէ, որ է՝ հետեւիլ անոր քայլերուն: Կը լսե՞ս Յիսուսի ոտնաձայնը: Եթէ ոչ՝, պահ մը լուռ կեցիր եւ անպայմա՛ն պիտի լսես: Ուրեմն հետեւէ՛ իր քայլերուն…: