ԼՈՄԻԹԱ.- Կիրակի, Փետրուար 28ին, Քալիֆորնիոյ Հարաւային Ծովածոցի հայութեան ներկայացուցիչները հաւաքուած էին շրջանի Հայ կեդրոնը, լսելու համար Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 36րդ տարածքի աթոռին համար իր թեկնածութիւնը դրած Մարսի Ուինոկրատի, որ կը փորձէ փոխարինել հակահայ դիրքորոշում որդեգրած շրջանի քոնկրեսական Ճէյն Հարմընին:
Յիշեցնենք, թէ Հարմըն 2007ին նամակ մը յղած էր այդ օրերուն Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի ատենապետ Թամ Լանթոսին, կոչ ընելով անոր, որ օրակարգէն քաշէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 106 բանաձեւը:
Ուինոկրատ, որ արդէն իսկ խոստացած է ապահովել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի մը վաւերացումը, հաւաքին ներկաներուն ծանօթացուց շարք մը հարցերու նկատմամբ իր դիրքորոշումները եւ իրականացնելիք ծրագիրները:
Ներկաները նաեւ առիթ ունեցան քուէարկութեան համար հարկաւոր արձանագրութիւնները կատարելու:
Յայտնենք, թէ նախնական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 8ին: Անոր ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կարելի է այցելել www.ancpac.org համացանցային կայքը: