ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Յաջորդական 9րդ տարին ըլլալով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղերը պիտի մասնակցին Լոս Անճելըս քաղաքի Մարաթոնի ծիրէն ներս տեղի ունեցող «LA 5K Run/Walk» քայլարշաւին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 20ին:
Նկատի ունենալով, որ այս տարուան ձեռնարկը կը զուգադիպի ՀՕՄի հարիւրամեակին, որոշուած է աւելի մեծ թիւով ՀՕՄուհիներու եւ համակիրներու մասնակցութիւնը ապահովել, որուն շնորհիւ նաեւ կարելի պիտի ըլլայ դրամահաւաք կատարել ի նպաստ աշխարհի տարածքին իրականացուելիք ՀՕՄի ծրագիրներուն:
Քայլարշաւը պիտի սկսի «Dodger» մարզադաշտէն: Կլենտէյլի շրջանէն մասնակիցներուն համար փոխադրամիջոցներ ապահովուած են դէպի մարզադաշտ. անոնք կրնան հաւաքուիլ ՀՕՄի կեդրոնատեղիին առջեւ, իսկ վերադարձին, անոնց ի պատիւ ճաշկերոյթ կազմակերպուած է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.arswestusa.org համացանցային կայքը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին: