ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Կիրակի, Մարտ 21ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, UCLA-ի Հայագիտական ուսմանց բարեկամներու տարեկան ութերորդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի «Ուոոլթըր եւ Լորըլ Քարապեան» սրահին մէջ: Ընթացքին «Նարեկացի» շքանշանը պիտի շնորհուի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «Արտոյտներու Ագառակը» վէպի հեղինակ Անթոնա Արսլանին: Զանազան լեզուներու թարգմանուած հատորը 2007ին վերածուած էր իտալերէնով շարժապատկերի, որ պիտի ցուցադրուի Մարտ 19ին, համալսարանի «Մենից» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8ին:

Ճաշկերոյթին ընթացքին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին UCLA-ի Հայագիտական «Նարեկացի» ամպիոնին աշխատանքներուն մասին՝ շեշտելով անոր կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկին հանդիսավարն է Ալեքս Քալոկնոմոս, իսկ անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան «Համազգային»ի «Անի» պարախումբը եւ թենոր Բակուր Քալանթարեան:
«Ուոոլթըր եւ Լորըլ Քարապեան» սրահին հասցէն է՝ 1200 Cahuenga Blvd: Տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (310) 275-2767 եւ (818) 249-3330 թիւերուն: