ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Մարտ 10ին, Հայֆայի մէջ իսրայէլեան ատեան մը սկսաւ քննելու դատը ամերիկացի Ռէյչըլ Քորիի սպանութեան: Քորի 7 տարի առաջ ճզմուած էր իսրայէլեան բանակի մէկ մեքենային տակ, երբ կը փորձէր, իբրեւ մարդկային վահան՝ կասեցնել գրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ գտնուող պաղեստինցի ընտանիքի մը բնակարանին քանդումը: Նման բնակարաններու փոխարէն, Իսրայէլ կը շարունակէ հրեաներու համար ապօրինի բնակարաններ կառուցել գրաւեալ տարածքներուն վրայ:
Իսրայէլի կառավարութեան դէմ սոյն դատը բացուած է Քորիի ծնողքին կողմէ, որ անարդար կը նկատէ իսրայէլեան բանակին կատարած հետաքննութեան արդիւնքը, ըստ որուն, վարորդը յանցաւոր չէր, որովհետեւ Քորին չէր տեսած ու դիտումնաւոր կերպով չէր սպաննած զինք:
Սակայն, ականատեսներ, որոնցմէ չորսը վկայութիւն պիտի տայ դատավարութեան ընթացքին, կը պնդեն, թէ իսրայէլացի զինուորները բաւարար ժամանակ ունէին Քորին ձերբակալելու եւ խնդրոյ առարկայ վայրէն հեռացնելու:
Սեփական շահը ամէն բանէ առաջ դնելու մղող մեր ընկերութեան մտայնութեան կտրուկ կերպով հակադրուող Քորիի այս արարքը անիրական կը թուի տակաւին եւ ծնունդ՝ երեւակայածին բեմագրութեան մը, սակայն յառաջացող մեքենային դիմաց անշարժ մնացած Քորին պարզապէս տաքարիւն երիտասարդուհի մը չէր, որ տրամաբանութեան ժամանակաւոր խախտումի մը հետեւանքով այս «խենթ» արարքին կը դիմէր, այլ մարդկային իրաւունքներու ջատագով 23ամեայ գործիչ մըն էր, որ կը գիտակցէր ու կը հաւատար, թէ մարդկային իրաւունքները ազգութիւն կամ կրօնք չեն ճանչնար, ու այդ կեցուածքը պաշտպանելու համար պատրաստ էր գերագոյն զոհողութեան դիմելու:
Պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն մէջ իր փորձառութեան օրագրութիւններուն հիման վրայ արտադրուած «Անունս Ռէյչըլ Քորի Է» թատերգութիւնը աշխարհի տարածքին ներկայացուած է: