ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Մարտ 10ին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Երեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած է խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ու Թուրք-ամերիկեան բարեկամութեան խմբակի անդամներուն հետ, որոնց ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներ ղրկուած էին՝ ձախողութեան մատնելու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին վաւերացումը:
Տաւութօղլու բացատրած է, որ Թուրքիա նախ պիտի շարունակէ ճնշում բանեցնել Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն վրայ, սպասելով մինչեւ Ապրիլ 24, որպէսզի տեսնէ, թէ նախագահ Պարաք Օպամա ինչ կեցուածք պիտի որդեգրէ այս խնդիրին շուրջ։ Մինչեւ Ապրիլ 24, Թուրքիա այլեւս ընելիք բան չունի Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութեանց վաւերացման գործին մէջ, ըսած է ան։
Միւս կողմէ, Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու եւ Անգարա կանչուած Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանը քննած են Միացեալ Նահանգներու դէմ իրականացուելիք հաւանական պատժամիջոցներու ծրագիրը: «Սթար», վկայակոչելով դիւանագիտական անանուն աղբիւրները՝ կը գրէ, որ հնարաւոր հակաքայլերու ծրագիրին մէջ ներառուած են պաշտպանական ոլորտին, Իրանին եւ Աֆղանիստանին առնչուող հարցեր։ Տաւութօղլու եւ Թան քննած են, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլան Անգարայի հնարաւոր հակաքայլերը այն պարագային, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր ապրիլ քսանչորսեան ուղերձին մէջ գործածէ «ցեղասպանութիւն» եզրը։ Հնարաւոր պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ներառուած են թուրք-ամերիկեան արտաքին քաղաքական ոլորտի մէջ ներկայ համագործակցութեան վերանայումը, «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւեր ու 14 «Սի.Էյչ. 47 Չինուք» տիպի ուղղաթիռներ ներառող 1.2 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ «Փաթրիոթ» հրթիռներ ձեռք բերելու շուրջ իրականացող բանակցութիւններուն յետաձգումը։
«Առաջին հակաքայլերը պիտի իրականացուին Իրանի եւ Աֆղանիստանի հարցերով Միացեալ Նահանգներուն աջակցելէն հրաժարելու տեսքով», կը գրէ օրաթերթը։