ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան, իր յօդուածով («Ասպարէզ», 26 Փետրուար, 2010), Սփիւռքի հայերը միացնելու նպատակով «կառոյց»ի մը ստեղծման առաջարկը ներկայացուցած է:
Արդարացի տուեալներու վրայ հիմնուած, հայերուս ներկայ տագնապներուն լուծում մը գտնելու եւ մեր ազգային զաւթուած իրաւունքները հետապնդելու առաջադրանքներով լուրջ առաջարկ մըն է Սասունեանի ներկայացուցածը:
Սասունեանի նպատակն է շուրջ եօթ միլիոն սփիւռքահայերու ներկայացուցիչներէն կազմուած «կառոյց» մը ստեղծել, որ Սփիւռքի ամբողջ հայութեան (ներառեալ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքներուն վրայ ներկայիս ապրողները) կարծիքը ներկայացնէ, կամ «վարչութիւն» մը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիայէն հատուցում պահանջելու գործը ստանձնէ առանց արգելք հանդիսանալու գոյութիւն ունեցող ուրիշ կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն:
«Այս նոր կառոյցին գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկն է ՄԱԿի եւ այլ շրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ անոր (կառոյցին Յ. Մ.) հաւանական ճանաչումը՝ իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն՝ հայերը ներկայացնելու ու անոնց կողմէ խօսելու իրաւունքով», կը գրէ Սասունեան: Այլ խօսքով ան կ՛առաջարկէ կազմել տեսակ մը ոչ կառավարական իշխանութիւն՝ անգլիական British Commonwealth-ի օրինակով. Սփիւռքի հայկական հասարակապետութիւն մը:
* * *
Սասունեանի «առաջարկ»ը սրտանց ողջունելի է, կարելի աջակցութիւնս իրեն խոստանալէ, յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներս փոխանցելէ ետք, կը փափաքիմ առաջարկել, որ հետեւի 1988ի Հայաստանի երկրաշարժի առթիւ իր կատարած գործերու օրինակին, բախէ այն դռները, որոնք միշտ բաց են եղած հայութեան պատահած աղէտներու ընթացքին, դիմէ հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ կաթողիկոսներուն, հայ Աւետարանական եւ Կաթողիկէ համայնքներու պետերուն, հայոց դասական կուսակցութիւններու վերին մարմիններու եւ գլխաւոր հայ գաղթօճախներու ղեկավար անձնաւորութիւններուն, այս բոլորին բացատրելէ ետք իր ծրագիրը, անոնցմէ ուզէ մէկական ներկայացուցիչ, հրաւիրէ իր ծրագրին արդէն ծանօթ ու համամիտ բարեկամները եւ բոլորը համախմբելով, գումարէ համահայկական խորհրդաժողով մը (congress) ու կազմէ ժամանակաւոր «կառոյց»ը (կամ ինչ որ յարմար կոչում կը համարէ խորհրդաժողովը):
Իր այս նախաքայլերու ընթացքին Սասունեան պէտք չէ մտահոգուի, որ սահմանադրական, ժողովրդավարական սկզբունքները չեն յարգուիր: Այս բոլորը կը կիրառուի կազմակերպութեան գոյանալէն ետք: Կարեւորը նախ կառոյցին հիմքերը հաստատելն է:
* * *
Պատմական առաքելութիւն մը ստանձնած է Սասունեան. երբ հայոց բախտին նաւը ալեկոծ ջուրերու վրայ կը տատանի, երբ մեզ առաջնորդող լուսաստղը թուխ, թանձր ամպերով ծածկուած է, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կրկին Ուաշինկթընի քաղաքական ճահիճին մէջ նետելու փորձեր կը կատարուին…
Չարագուշակ այս պայմաններուն մէջ Սասունեանի առաջարկը լուսաւոր փարոսի մը յուսատու պատկերը կը պարզէ մեր ազգին աչքերուն դիմաց: Ազգովին զօրակցինք Սասունեանի «առաջարկ»ին: