ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արդէն բաւարար չէր, որ նախագահ Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ձախողեցան յարգել Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնները վերահաստատելու իրենց նախընտրական խոստումները, անցեալ շաբաթ անոնք աստիճան մը եւս ստորնացան երբ՝ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ օրինագիծին վաւերացումէն ետք, Քլինթըն յայտարարեց, թէ ինք եւ նախագահը դէմ են Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին վաւերացման։
Պատասխանելով այդ հարցին մէջ իր եւ նախագահին ուղեգիծ փոխելուն մասին հարցումի մը, Քլինթըն անվրդով կերպով պատասխանեց. «Կը հաւատամ, որ պայմանները յատկանշականօրէն փոխուած են: Մենք չենք հաւատար, որ Քոնկրեսին կողմէ առնուելիք որեւէ քայլ պատշաճ է եւ մենք դէմ ենք անոր»։ Ան աւելցուց, թէ Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենան չի հաւատար, թէ Ներկայացուցիչներու տունը «պիտի կամ պէտք է» քուէարկէ օրինագիծին։ Ի՞նչպէս կրնան ինիսունհինգ տարի առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան մը իրողութիւնները փոխուիլ մէկ գիշերուան մէջ։ Իրականութեան մէջ ոչ մէկ բան փոխուած է բացի նախարար Քլինթընի բարոյական չափանիշէն, ենթադրելով, որ ան ունէր այդ մէկը՝ սկսելու համար…
Ամօթալի է, որ Օպամայի վարչամեքենան տեղի կու տայ սպառնալիքներու երրորդ աշխարհի երկիրի մը կողմէ, որ աւելի շատ պէտք ունի Միացեալ Նահանգներուն, քան ԱՄՆը՝ անոր։ Ինչպէս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ըսաւ անցեալ շաբաթ. «Թուրքիա չունի քուէի կամ վեթոյի իրաւունք Միացեալ Նահագներու Քոնկրեսին մէջ»։ Ոչ ալ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կամ արտաքին գործոց նախարարը՝ քոնկրեսական օրինագիծի մը վաւերացման մէջ…
Անցեալ շաբաթ Սպիտակ տան բանբեր մը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած էին յանձնախումբի քուէարկութեան նախորդող գիշերը։ Որմէ անմիջապէս ետք Քլինթըն զգուշացուցած էր յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընը թէ՝ «յաւելեալ քայլերը կրնան արգելք հանդիսանալ յարաբերութիւններու բնականացման» Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։ Տարօրինակ է, որ Քլինթըն ինքզինք գերագոյն իրաւարար նշանակած է Հայաստանի շահերուն վերաբերեալ, մինչ ամերիկահայերը եւ Հայաստանի ղեկավարները շարունակ կրկնած են, թէ նեցուկ կը կանգնին Ցեղասպանութեան օրինագիծին։
Իրողապէս Քլինթըն ինքզինք դրած է հայերուն օգուտը հայերէն աւելի գիտնալու ծիծաղելի կեցուածքին մէջ…
Ամիսներ շարունակ հռչակելէ ետք, թէ Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւնները նախապայմաններ չունին եւ այլ խնդիրներու հետ կապուած չեն, Քլինթըն այժմ կը պնդէ, թէ Արձանագրութիւնները ճանապարհ կը պատրաստեն յանձնաժողովի մը, որ ենթադրաբար պիտի ուսումնասիրէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնները։ «Ես չեմ կարծեր, թէ ուրիշ որեւէ երկիրի մը իրաւունքն է որոշել, թէ երկու երկիրներ ի՛նչ ձեւով կը լուծեն իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը», դիտել տուաւ ան։ Ասիկա կը հաստատէ Արձանագրութիւններուն հակադրուած հայերուն յոռեգոյն վախերը։ Յստակ է, որ նախարարը համոզուած է, թէ Արձանագրութիւններուն վաւերացումը պիտի արգիլէ երրորդ կողմերու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին քննարկումը։ Ճիշդ ա՛յս մէկն էր, որ թրքական կողմը կը հաստատէր՝ ի սոսկումն հայութեան մեծամասնութեան։ Հետաքրքրական է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նոյնանման յայտարարութիւն մը ըրաւ անցեալ շաբաթ, արտայայտելով իր զարմանքը թէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծը անգամ մը եւս տեղ գտած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի օրակարգին վրայ։ Մինչ կը քաշքշէին Հայաստան-Թուրքիա հաշտութեան գործընթացը, թուրք ղեկավարներուն մտադրութիւնը եղած է՝ արգելք հանդիսանալ երրորդ կողմերու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցի արծարծման։
Պատահական չէր, որ գրեթէ բոլոր քոնկրեսականները, որոնք դէմ արտայայտուած էին Ցեղասպանութեան օրինագիծին արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ընթացքին, օգտագործեցին այն անհամ պատրուակը թէ՝ օրինագիծին նկատմամբ իրենց ընդդիմութեան դրդապատճառը չականահարելն էր Արձանագրութիւնները, որոնք յայտնապէս պիտի առաջնորդեն դէպի հայ-թրքական հաշտութիւն։ Հակառակ իրենց համեմուած հռետորութեան, անոնք, որոնք դէմ էին օրինագիծին եւ նեցուկ կը կանգնէին Արձանագրութիւններուն իրականութեան մէջ երկուստեք դէմ կեցուածք կ՛որդեգրէին Հայաստանի շահերուն նկատմամբ։ Յամենայնդէպս Արձանագրութիւնները արդէն մեռած եւ թաղուած են շնորհիւ զանոնք վաւերացնելու Թուրքիոյ մերժումին, բացի եթէ Հայաստան ընդունէր արտառոց նախապայմաններ։
Մինչ ամերիկահայ քուէարկողները չեն կրնար այս տարի հաշիւ պահանջել նախագահ Օպամայէն, նկատի ունենալով, որ ան Նոյեմբերի ընտրութիւններու ցանկին վրայ չկայ, իսկ օրինագիծին քսաներկու ընդդիմացողներէն տասնութն այնտեղ են: Ամերիկահայերը իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն բան պէտք է ընեն արգիլելու համար Մարտ 4ին Ցեղասպանութեան օրինագիծին դէմ քուէարկողներուն վերընտրութիւնը. Ռաս Քարնահան (Ժողովրդավարական-Միզուրի), Ճերըլտ Քոնլի (Ժ-Վըրճինիա), Մայքըլ ՄըքՄահոն (Ժ-Նիու Եորք), Մայք Ռոս (Ժ-Արքանսա), Պրատ Միլըր (Ժ-Հիւսիսային Քարոլայնա), Տէյվիտ Սքաթ (Հանրապետական-Ճորճիա), Կրեկորի Միքս (Ժ-Նիու Եորք), Լիանա Ռոս-Լեհթինեն (Հ-Ֆլորիտա), Ռոն Փօլ (Հ-Թեքսաս), Ճեֆ Ֆլէյք (Հ-Արիզոնա), Մայք Փենս (Հ-Ինտիանա), Ճօ Ուիլսըն (Հ-Հարաւային Քարոլայնա), Քոնի Մաք (Հ-Ֆլորիտա), Ճեֆ Ֆորթընպըրի (Հ-Նեպրասքա), Մայքըլ ՄըքՔոլ (Հ-Թեքսաս), Թետ Փօ (Հ-Թեքսաս), Պոպ Ինկլիս (Հ-Հարաւային Քարոլայնա), Տան Պըրթըն (Հ-Ինտիանա)։ Պիլ Տելահանթ (Ժ-Մասաչուսեթս) եւ Ճոն Թանըր (Ժ-Թենըսի) հանգստեան կը կոչուին Քոնկրեսէն։ Կրաշման Պարեթ (Հ-Հարաւային Քարոլայնա) իր թեկնածութիւնը դրած է նահանգապետութեան, մինչ Ճոն Պուզման (Հ-Արքանսաս) իր թեկնածութիւնը դրած է Միացեալ նահանգներու Ծերակոյտին։ Վերջին երկուքին դէմ պէտք է կենանք իրենց նախընտրական քարոզարշաւներուն ընթացքին։
Առաւել ամերիկահայերը պէտք է հակաքարոզչութիւն ընեն Սթիւ Քոհընի (Ժ-Թենըսի), Թետ Ուիթֆիլտի (Հ-Քենթաքի) եւ Քէյ Կրանճըրի (Հ-Թեքսաս) վերընտրութեան նկատմամբ, որովհետեւ անոնք միացեալ նամակ մը ստորագրած էին Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն՝ կոչ ուղղելով դէմ քուէարկել Ցեղասպանութեան օրինագիծին։ Երեքն ալ անդամ են Թուրքիոյ ջատագով քոնկրեսականներու խումբին։
Չարագործներու յաջորդ խումբը կը բաղկանայ գործադիր տնօրէններէն օդային եւ պաշտպանութեան ամերիկեան հինգ գլխաւոր ընկերութիւններուն՝ «Լոքհիտ Մարթին Քորփ», «Պոյինկ Քօ.», «Ռէյթէյոն Քօ.», «Եունայթըտ Թեքնոլոճիզ Քորփ.» եւ «Նորթրոփ Կրուման Քորփ»։ Անոնք միացեալ նամակ մը ստորագրած եւ յղած էին Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահին՝ կոչ ուղղելով, որ մերժէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծը, չվտանգելու համար Թուրքիոյ հետ իրենց ունեցած առեւտուրի համաձայնութիւնը։ Այդ գործադիր տնօրէնները ոչ միայն անբարոյ արարք մը կը գործեն՝ աւելի վեր դասելով իրենց շահերը, (արիւնի դրամ) քան մարդկային իրաւունքները, այլեւ կ՛անտեսեն այն իրականութիւնը թէ՝ Թուրքիա չի կրնար հրաժարիլ իրենց ընկերութիւններէն իր կատարելիք գնումներէն, որովհետեւ այդ մէկը ընելով՝ ան միայն ինքզինք կը տկարացնէ։
Ամերիկահայերը պէտք է դէմ դնեն այդ հաստատութիւններուն՝ ցոյցեր կազմակերպելով անոնց կեդրոններուն եւ գործարաններուն դիմաց։ Այդ հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնավարողները պէտք է իրենց զայրոյթը արտայայտեն իրենց գործադիր տնօրէններուն։ Բաժնետէրերը պէտք է իրենց յաջորդ տարեկան հանդիպումին յայտնեն իրենց մտահոգութիւնը անոնց դէմ եւ փորձեն հանել զիրենք իրենց պաշտօններէն։ Այդ ձեւի բողոքի քայլեր պէտք է առնուին «Էրոսփէյս Ինտասթրիզ Ասոշիէյշըն»ին կողմէ, որ կը ներկայացնէ աւելի քան 270 անդամ ընկերութիւններ։ «Էյ.Այ.Էյ.»ը անջատ նամակ մը ղրկեց Քոնկրեսին ընդդէմ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին։
Մարտ 4ի օրինագիծին դէմ եղող քոնկրեսականներն ու ընկերութիւնները պէտք է գին վճարեն իրենց անբարոյ արարքին համար։ Իրենց ժխտական քուէներն ու նամակները անտեսելը պիտի քաջալերէ զիրենք անգամ մը եւս դէմ կենալու օրինագիծին, երբ անիկա հասնի Ներկայացուցիչներու տուն։ Եթէ ամերիկահայերը կարենան Նոյեմբերին պարտութեան մատնել այդ անզգամերէն մէկը, մնացեալը պիտի առնէ պատգամը թէ՝ Ցեղասպանութեան օրինագիծին դէմ քուէարկելուն համար կրնան իրենց քաղաքական ասպարէզները վճարել իբրեւ գին։ Այդ պարագային անոնք երկու անգամ կը մտածեն այդ ձեւի քուէ մը տալէ առաջ։
Ինչ կը վերաբերի նախագահ Օպամային եւ նախարար Քլինթընին, ամերիկահայերը պէտք չէ արտօնեն, որ անոնք պարտադրանքի տակ դնեն Քոնկրեսը։ Տրուած ըլլալով, որ ամերիկահայերուն մեծ մասը հիասթափուած է Օպամայի վարչամեքենային ձախողած քաղաքականութիւններով եւ չիրականացած խոստումներով, բոլոր ընտրուած պաշտօնատարները ամբողջ երկիրին մէջ լրջօրէն մտահոգ են իրենց վերընտրութեամբ։ Ասիկա յարմար ժամանակն է քայլեր պահանջելու քաղաքական անձնաւորութիւններէն եւ պատժելու անոնք, որոնք չեն համագործակցիր։ Ամերիկահայերը պէտք է կապ պահեն իրենց ներկայացուցիչներուն հետ ամէն քոնկրեսական թաղամասի մէջ ամբողջ երկիրին մէջ նոյնիսկ հեռու վայրերու մէջ եւ ըսեն անոնց թէ՝ ցեղասպանութեան քուէարկութեան նեցուկ չկանգնելու պարագային պիտի զրկուին իրենց քուէէն Նոյեմբերին։ Քաղաքական անձնաւորութիւններ աւելի շատ կը լսեն զիրենք քուէարկողներուն քան նախագահ Օպամային, որ գլխաւոր պատճառն է իրենց աթոռներուն վտանգի մէջ ըլլալուն։ Հետեւաբար, օրինագիծին ճակատագիրը վերջ ի վերջոյ ամերիկահայերուն ձեռքն է։ Եթէ լրջօրէն աշխատին եւ յաջողին ձեռք բերել բաւարար քոնկրսական նեցուկ, Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի այլընտրանք պիտի չունենայ բացի օրինագիծը Ներկայացուցիչներու տան բեմին վրայ բարձրացնելու հակառակ վարչամեքենայի թելադրանքներուն: Այլապէս քուէարկողները, որոնք զայրացած են ուրիշ շատ մը հարցերու համար, կրնան դուրս հանել ներկայացուցիչներ՝ վտանգելով իր իսկ պաշտօնը…
Ամերիկահայերը պէտք չէ մոռնան արտայայտելու իրենց խորունկ երախտագիտութիւնը նախագահ Հաուըրտ Պըրմընին (Ժ-Քալիֆորնիա) եւ քսաներկու այլ քոնկրեսականներու, որոնք Մարտ 4ին նեցուկ կանգնեցան օրինագիծին եւ անոնք են՝ Կերի Էյքըրմըն (Ժ-Նիու Եորք), Էնի Ֆալէօմաւայէկա (Ժ-Ամերիկեան Սամոա), Տանըլտ Փայն (Ժ-Նիու Ճըրզի), Պրետ Շըրման (Ժ-Քալիֆորնիա), Էլիյըթ Էնկըլ (Ժ-Նիու Եորք), Տայան Ուաթսըն (Ժ-Քալիֆորնիա), Ալպիօ Սայրըս (Ժ-Նիու Ճըրզի), Ճին Կրին (Ժ-Թեքսաս), Լին Ուլսի (Ժ- Քալիֆորնիա), Պարպարա Լի (Ժ-Քալիֆորնիա), Շելի Պըրքլի (Ժ-Նեւատա), Ճոզէֆ Քրոլի (Ժ-Նիու Եորք), Ճիմ Քոսթա (Ժ-Քալիֆորնիա), Քիթ Էլիսըն (Ժ-Մինըսոթա), Կապրիէլ Կիֆորտզ (Ժ-Արիզոնա), Քրիսթոֆըր Սմիթ (Հ-Նիու Ճըրզի), Կաս Պիլիրաքիս (Հ-Քալիֆորնիա), Տանա Ռոհրապախըր (Հ-Քալիֆորնիա), Տանըլտ Մանզուլօ (Հ-Իլընոյ), Էտուըրտ Ռոյս (Հ-Քալիֆորնիա), Էլթըն Կալակլի (Հ-Քալիֆորնիա) եւ Ռոն Քլայն (Ժ-Ֆլորիտա)։ Ամերիկահայ համայնքը պէտք է մեծ եռանդով նեցուկ կանգնի անոնց վերընտրութեան։
Վերջապէս կարգ մը թուրք շրջանակներ իրենք զիրենք կը մխիթարեն պարզապէս որովհետեւ օրինագիծը որդեգրուեցաւ մէկ քուէի տարբերութեամբ։ Տրուած ըլլալով, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբի անկապ պատճառներով օրինագիծին դէմ եղող անդամները բացայայտօրէն նշեցին, թէ անոնք վիճելի չեն գտներ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, քուէարկութեան արդիւնքը կրնար ըլլալ 45-0 փոխան 23-22ի (Ցեղասպանութեան ճանաչման իմաստով), ինչ որ մեծ յաղթանակ է ճշմարտութեան համար եւ մեծ պարտութիւն մը՝ թուրք ուրացողներուն եւ իրենց նեցուկ կանգնողներուն։ Ուստի ոչ ոք պէտք է զարմանայ եթէ յառաջիկայ օրերուն թուրք ղեկավարները չեղեալ համարեն իրենց բազմամիլիոն տոլար արժող համաձայնութիւնները իրենց ձախողած լոպիինկի հաստատութիւններուն հետ։
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր