ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժոաօ Սուարեշ Մարտ 11ին հանդիպած է Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին, ու անոնց ներկայացուցած է ԵԱՀԿի ստեղծման պատմութիւնն ու գործունէութեան առաջնահերթութիւնները:
Պատասխանելէ ետք ուսանողները հետաքրքրող հարցերուն, Սուարեշ անդրադարձած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին եւ նշած, թէ այս հարցը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով: «Պատերազմը խնդիրի լուծման միջոց չէ: Մենք պէտք չէ փոխենք բանակցութիւններուն ձեւաչափը: Ժամանակն է համաձայնութեան գալու: Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցած է այն մտահոգութիւնները, որոնք առկայ են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսած է ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահը, իսկ հանդիպման մասնակցած ԵԱՀԿ ԽՎի մօտ Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Կորան Լենմարքըր, իր կարգին յայտնած է, թէ հակամարտութեան լուծման վերջնական տարբերակը պէտք է ընդունելի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Ատրպէյճանի համար: «Ես լաւատես եմ եւ կը կարծեմ, որ խնդիրը պիտի ստանայ իր լուծումը: Կարեւոր է բանակցային գործընթացը իր աւարտին հասցնել», նշած է ան: