ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, որ Երեւանի մէջ ընթացող ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի «Ռոզ Ռոութ» խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան կը գտնուի, Ուրբաթ, Մարտ 12ին յայտնեց, թէ անպատասխանատու կը նկատէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Արցախի հարցին լուծմանը «Ատրպէյճան պատրաստ է հասնելու ռազմական ճանապարհով»: Ան կրկնեց, թէ Մատրիտեան սկզբունքները կը մնան Արցախի տագնապի լուծման գլխաւոր գործիքը:
«Նման ռազմատենչ յայտարարութիւններ վնասակար ազդեցութիւն կ՛ունենան բանակցութիւններուն վրայ: Անոնք առիթ չեն տար հասնելու խաղաղութեան», ըսաւ Ֆասիէ, որ նաեւ յայտնեց, թէ պատերազմը ոչ մէկ շահ պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի, «մանաւանդ, որ մենք գիտենք ղարաբաղեան մարտիկներուն հնարաւորութիւնները»:

Այս վերջին յայտարարութիւնը անմիջապէս քննադատուեցաւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր զօր. Էլտար Սապիրօղլուի կողմէ, որ հարց տուաւ, թէ՝ «Ինչպէ՞ս կարելի է արդարութիւն ակնկալել նման դիւանագէտէ մը», որ ըստ բանբերին, միշտ հայանպաստ դիրք որդեգրած է:
Ֆասիէ նաեւ նշեց, թէ « Լեռնային Ղարաբաղը որքա՛ն շուտ մասնակից դառնայ ընթացող բանակցութիւններուն, այնքա՛ն լաւ կ՛ըլլայ»։ Սակայն ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը, որովհետեւ անիկա որեւէ երկրի կողմէ ճանչցուած պետութիւն չէ։ Ֆրանսացի համանախագահը նշեց, թէ շատ արդար է բան է որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը նոյնպէս կը փափաքի մասնակից ըլլալ այն բանակցութիւններուն, որոնք կը շօշափեն իր կենսական շահերը, սակայն ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն այն ժամանակ, երբ Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր բնակիչները, որոնց շարքին՝ անոնք, որոնք կ՛ապրէին այդ տարածքին մէջ նախքան հակամարտութիւնը, վերադառնան իրենց նախկին բնակավայրերը։
Ֆասիէ աւելցուց, որ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը օրին փափաքած էր բանակցութիւններուն ընթացքին ներկայացնել թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ղարաբաղը։ «Ապա Լեռնային Ղարաբաղը դուրս մնաց բանակցութիւններէն, եւ հիմա հակարմատութեան երկու կողմերը պէտք է համաձայնին, որ ան վերադառնայ։ Պիտի գայ օր մը, երբ ղարաբաղցիները աւելի խոր մասնակցութիւն պիտի ունենան բանակցութիւններուն։ Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ատիկա շուտ ըլլայ», ըսաւ ան։
Ֆասիէ նաեւ խօսելով Քոսովոյի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին՝ յայտնեց, որ «Քոսովոյի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններուն մէջ իրավիճակը բացարձակապէս համեմատելի չէ։ Նախ Քոսովոյի հակամարտութիւնը մէկ երկրի մէջ էր: Ղարաբաղեան հակամարտութեան պարագային, ատիկա թէ՛ մէկ երկրի՝ Ատրպէյճանի մէջ էր, ուր Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կը պայքարէր Ատրպէյճանի կեդրոնական իշխանութիւններուն դէմ, եւ թէ երկու առանձին երկիրներու՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ»։
Երկրորդ տարբերութիւնը, ըստ Ֆասիէի, այն է, որ Քոսովոյի մէջ տարիներ շարունակ եղած են միջազգային ուժեր, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, ո՛չ Ատրպէյճանի, ո՛չ Հայաստանի եւ ոչ ալ Ղարաբաղի մէջ միջազգային ուժեր եղած են, ինչպէս նաեւ հիմա չկան։
«Ի վերջոյ Լեռնային Ղարաբաղը չէ ճանչցուած աշխարհի որեւէ երկրի կողմէ, որոնց շարքին նաեւ՝ Հայաստանի», ընդգծեց ֆրանսացի համանախագահը՝ աւելցնելով, որ Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչնալու նախադէպը աւելի զգուշաւոր ու պահանջկոտ դարձուցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, որովհետեւ անոնք կը մտածեն, որ եթէ կարգաւորման հիմքին մէջ դրուի ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը, ապա ատիկա կրնայ յանգեցնել Ղարաբաղի անկախացման։