ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- ԱՄՆ պետական բաժնի «Մարդու իրաւունքները 2009 թուականին» զեկոյցին համաձայն, Հայաստանի իշխանութիւնները դարձեալ ոտնահարած են մարդու իրաւունքները։
Ըստ զեկոյցին, իշխանութիւնները Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընթացքին սահմանափակած են քաղաքացիներուն՝ ազատ եղանակով կառավարութիւնը փոխելու իրաւունքը։ Նաեւ, 2009ին իշխանութիւնները հետապնդած են քաղաքական ընդդիմախօսները, կատարած են կամայական ձերբակալութիւններ եւ նախնական կալանքի տակ պահած են մարդիկ՝ անոնց ծաւալած քաղաքական գործունէութեան համար։ Անոնք շարունակած են բռնութիւններու, ինչպէս նաեւ ընդդիմախօսները «բիւրոկրատական» եղանակով ահաբեկելու կամ անոնցմէ վրէժ լուծելու գործելակերպի կիրառումը:
Իշխանութիւնները նաեւ բռնութիւն գործադրած են քաղաքական ցոյցերու մասնակիցներուն վրայ եւ խափանած ցոյցերու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն տարածելու քաղաքացիներուն փորձերը:
Ոստիկանները ծեծի ենթարկած են ձերբակալուածները: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գործակալներուն եւ ոստիկաններուն կողմէ մարդոց իրաւունքները խախտելու դէպքերը մնացած են անպատիժ, իսկ ամբաստանեալները զրկուած են արդար դատավարութեան հնարաւորութենէն:
Զեկոյցը նշած է նաեւ, որ Զանգուածային լրատուամիջոցներուն, եւ յատկապէս պատկերասփիւռով արձակուող լրատուութիւններուն բնորոշ եղած է ինքնագրաքննութեան բարձր աստիճանը:
Իշխանութիւնները սահմանափակած են մամլոյ բազմակարծութիւնը, որուն վկայութիւններէն մէկը հեռարձակման արտօնագիրներու տրամադրման սառեցումն է: Արձանագրուած են լրագրողներու վրայ յարձակումներու նոր դէպքեր, եւ ըստ զեկոյցին, դժուար է հաւատալ, որ յարձակողները կրնան յայտնաբերուած կամ դատապարտուած ըլլալ: Հայաստանի իշխանութիւնները սահմանափակած են ժողովներու եւ հաւաքներու ազատութիւնը, յաճախ մերժուած են յստակ վայրերու մէջ ցոյցեր իրականացնելու քաղաքական ընդդիմութեան դիմումները, նաեւ անոնք միջամտած եւ ցրած են մարդոց ինքնաբուխ հաւաքները:
Զեկոյցը կը վկայէ, որ Հայաստանի մէջ կաշառակերութիւնը կը շարունակէ մնալ լուրջ խնդիր, զոր յաղթահարելու համար վճռական քայլերու չեն ձեռնարկուիր։
Ըստ զեկոյցին, Հայաստանի մէջ սահմանափակուած է նաեւ կրօնական ազատութիւնը: Զեկոյցին մէջ յիշուած է նաեւ կանանց հանդէպ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան, մարդոց առք ու վաճառքի, սահմանափակ հնարաւորութիւններով մարդոց եւ համասեռամոլներու հանդէպ խտրականութեան դէպքերուն մասին:
Զեկոյցը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ http://www.state.gov/ կայքէջէն: