ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ՝ 15 Մարտին, լրագրողներու յայտնած է, թէ «Ատրպէյճանը կը պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի լուծման փուլային գործընթացը, որովհետեւ կը հասկնայ, թէ մէկ օրուան մէջ բոլոր հարցերը կարելի չէ լուծել»: Ան աւելցուցած է, թէ Դեկտեմբեր 2009ին, Աթէնքի մէջ ներկայացուած Մատրիտեան փաստաթուղթի նորացուած տարբերակը հնարաւորութիւն կու տայ ապագային ընդունելու աւելի համապարփակ փաստաթուղթ մը։ Ան նաեւ նշած է, թէ Ատրպէյճանը ընտրած է դիւանագիտական ճանապարհը եւ այդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ։

Ըստ անոր, փարիզեան գործընթացը փուլային էր։ «Մատրիտեան փաստաթուղթին մէջ այդ փուլերը գտան իրենց արտայայտութիւնը։ Առաջին փուլին մէջ հայկական զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուին հինգ շրջաններէն (ներառեալ՝ Քելբաջարի 13 գիւղերէն)։ Ապա հայկական կողմը պէտք է վերականգնէ բոլոր հաղորդակցութիւնները», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, որ այդ բոլորէն ետք, երբ հայկական ուժերը դուրս պիտի բերուին նաեւ Լաչինէն եւ Քելբաջարէն, բոլոր ճանապարհները պէտք է բացուին։
«Այն բանէն ետք, երբ ազերի փախստականները կը վերադառնան Ղարաբաղ, պէտք է քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Ատիկա ատրպեճանական հող է եւ ճիշդ չէ, որ ատրպեճանական որեւէ տարածք դուրս գայ վարչական վերահսկողութենէն։ Ամէն ինչ պէտք է ընթանայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ», նշած է ան։
«Ոչ ոք կրնայ վերցնել իր հողը եւ փախչիլ։ Ուզես-չուզես հարեւաններուն հետ պէտք է հաստատես ճիշդ քաղաքականութիւն։ Բացի ատկէ, փուլային գործընթացը ամենալաւ տարբեակն է, որովհետեւ մենք պէտք է բանակցային սեղանէն հեռացնենք պատերազմի հետեւանքներուն, ատրպեճանական տարածքներու գրաւման եւ բռնի տեղահան եղողներու հարցը։ Որքան արագ ատիկա տեղի ունենայ, այնքան լաւ», եզրակացուցած է Մամետեարով՝ նշելով, որ եթէ հայկական զօրքերը դուրս բերուին «գրաւեալ» տարածքներէն, ատիկա մեծ հնարաւորութիւններ պիտի բանայ տարածաշրջանին դիմաց, ինչպէս անվտանգութեան, այնպէս ալ տնտեսական առումներով, նաեւ պիտի բարելաւուի հասարակ բնակչութեան կենսապայմանները։