ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, երբ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլ այցելեց, մեծ յոյսեր կային, որ Իսրայէլ-պաղեստինեան բանակցութիւնները կարելի պիտի ըլլայ իրենց ճիշդ հունին մէջ դնել: Սակայն, այցելութեան նախօրեակին եւ անոր ընթացքին, Իսրայէլ բացայայտեց, թէ որոշած է պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ բնակեցման ապօրինի բնակարաններու երկու ծրագիրներ եւս իրականացնել՝ հակառակ պաղեստինեան եւ ամերիկեան ընդդիմութեան:
Պաղեստինեան կողմը օրին յայտարարեց, թէ Իսրայէլ նման քայլելով կ՛ուզէ ձախողութեան մատնել բանակցութիւնները, եւ դէպքերը կու գան ցոյց տալու, որ անոնց նախատեսութիւնը ճիշդ է: Արդարեւ, Երեքշաբթի օր յայտարարուեցաւ, թէ Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ յետաձգած է շրջանը կատարելիք իր այցը:
Նաեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ ներողութիւն խնդրեցին շինարարական ծրագիրներու բացայայտման անյարմար ժամանակին համար, անոնցմէ ոչ մէկը ըսաւ, թէ շինարարութիւնները կրնան կասեցուիլ: Աւելին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Երեքշաբթի օր «անտրամաբանական» որակեց բնակարաններ կառուցելու ծրագիրները կասեցնելու ամերիկեան կոչերը: