ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շաբաթ, Մարտ 20ին կայանալիք Հոլիվուտի թաղային խորհուրդներու ընտրութեանց սեմին, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի քաղաքացիներուն, որ աւելի մօտէն ծանօթանան թեկնածուներուն եւ մասնակցին քուէարկութիւններուն:

Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռոստոմ Սարգիսեան կը յայտնէ, թէ համայնքին մասնակցութիւնը յոյժ կարեւոր է, որովհետեւ թաղային խորհուրդին որոշումները ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենան քաղաքացիներուն ամէօրեայ կեանքին վրայ:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ ըստ քաղաքի օրէնքներուն, քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ ոչ միայն շրջանին մէջ ապրող քաղաքացիներ, այլ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք շրջանին մէջ կ՛աշխատին, վարժարան կամ համալսարան կը յաճախեն եւ կամ համայնքներուն մէջ որեւէ սպասարկութենէ կ՛օգտուին: Քուէարկողները պէտք է անձամբ ներկայ ըլլան, այսինքն՝ նամակատան միջոցաւ քուէարկելու առիթ չկայ, իսկ քաղաքացիները կրնան քանի մը ընտրատարածքներու մէջ քուէարկել:
Մեծն Կրիֆիթ Փարքի թաղային խորհուրդի շրջանը բաժնուած է հինգ ընտրատարածքներու եւ իւրաքանչիւր ընտրատարածքէն պիտի ընտրուին երկու ներկայացուցիչ: Քրիսթինա Ամերեան-Խանճեան Բ. ընտրատարածքի (district B) թեկնածուներէն մէկն է: Այս շրջանին մէջ ընտրութեանց կրնան մասնակցիլ 13 տարիքը բոլորած քաղաքացիները: Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 20ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4, Հոլիվիուտի Լուտերական եկեղեցւոյ «Հոյք» սրահին մէջ (Hollywood Lutheran Church: Hoick Hall, 1733 New Hampshire Avenue, Los Angeles CA 90027):
Բ. ընտրատարածքի մէջ, Քրիսթինա Խանճեանի կողքին, Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կը կանգնի նաեւ Ռան Օսթրաուին, իսկ Ա. ընտրատարածքին մէջ՝ Ֆրենք Մասիի ու Միօ Վուքովիչի, Գ. ընտրատարածքին մէջ՝ տոքթ. Հարփիթ Մալահիի ու Ալեքս ՏըՕքամփոյի, Դ. ընտրատարածքին մէջ՝ Լեսլի Վան Քէուրընի ու Թամըս Օ՛Կրետիին, իսկ Ե. ընտրատարածքին մէջ՝ Մարք Մոսերիի ու Ճեսիքա Քրոնպըրկի: Կարելի է սոյն 10 թեկնածուներուն ի նպաստ քուէարկել միասնաբար:
Արեւելեան Հոլիվուտի մէջ, չորս ամերիկահայեր իրենց թեկնածութիւնը դրած են զանազան պաշտօններու համար. անոնք են՝ Սեմ Քպուշեան եւ Լուսի Վարպետեան, որոնք կը փորձեն վերընտրուիլ, ինչպէս նաեւ Շահան Սիւզմէյեան եւ Էտկար Մախշիքեան, որոնք առաջին անգամ ըլլալով իրենց թեկնածութիւնը կը դնեն: Այս շրջանին մէջ իւրաքանչիւր ընտրաշրջանէ միայն մէկ ներկայացուցիչ կ՛ընտրուի, իսկ քուէարկելու իրաւունք ունին 16 տարիքը բոլորած քաղաքացիները: Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 20ին, կ.ե. ժամը 2էն մինչեւ երեկոյեան ժամ 8, Լոս Անճելըս քաղաքի համալսարանի Ուսուցիչներու եւ անձնակազմի կեդրոնին մէջ (Faculty and Staff Center, 855 North Vermont Avenue, Los Angeles, CA 90029):
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 13ին պիտի կայանայ Կեդրոնական Հոլիվուտի, Միացեալ Հոլիվուտի եւ Հոլիվուտ Սթուտիօ շրջաններու թաղային խորհուրդներու ընտրութիւնը: