ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Շաբաթ, Ապրիլ 17ին, երեկոյեան ժամը 9ին, «Սի.Պի.Էս.» կայանէն ուղղակի պիտի սփռուին «STRIKEFORCE» մարտարուեստի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումները, որոնց վեց մասնակիցներէն մէկն է հոլանտահայ Գեղարդ Մուսասի:

Այս մրցումներուն իբրեւ նախապատրաստութիւն, այսօր՝ Չորեքշաբթի, Մարտ 17ին, կ.ե. ժամը 2ին, ախոյեանութեան մասնակից մարզիկները փորձեր պիտի կատարեն Լոս Անճելըսի «Legends MMA» կեդրոնին մէջ, (5176 Santa Monica Blvd., Hollywood, CA,90029):
Յայտնենք, թէ Գեղարդ Մուսասի ծնած է Պարսկաստան, եւ Իրան-Իրաք պատերազմի տարիներուն, իր ընտանիքին հետ Հոլանտա հաստատուած է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 665-5856 թիւին: