ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«…Հէնց մեր շահերի համար,
Հէնց հայ ժողովրդի ապագայի համար անհրաժեշտ է, որ մի տանելի կենցաղաձեւ ստեղծուի Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ»
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ, 1925
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ Շուէտի խորհրդարանին օրէնսդրական վերջին ու իրերայաջորդ նախաձեռնութիւնները, անկասկա՛ծ, կարեւոր ձեռքբերումներ են Հայ Դատի պայքարին եւ Հայաստանի միջազգային վարկի ամրապնդման հաշւոյն։
Նոյնպէս կասկածէ վեր է, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Շուէտի հայանպաստ քայլերուն ի պատասխան թրքական կողմի դրսեւորած բուռն հակազդեցութիւնը, ակամայ եւ անուղղակիօրէն, սատարեց հայկական դիրքերու ամրապնդումին։
Պաշտօնական Անգարան, թուրք քաղաքական շրջանակներու եւ թրքական մամուլի ձայնակցութեամբ, պատռեց Հայաստան–Թուրքիա Արձանագրութիւններով իր հակահայ քաղաքականութեան իսկութիւնն ու մերկութիւնը ծածկող դիւանագիտական թանձր քողը։ Ամբողջ աշխարհ աւելորդ անգամուան մը համար դարձեալ հաստատեց, թէ Էրտօղաններու այսօրուան Թուրքիան եւս պատրաստ չէ, ոչ ալ տրամադիր է Հայաստանի եւ հայութեան հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումին։
Ինչ որ ալ ըլլան զոյգ նախաձեռնութեանց հետագայ անդրադարձները եւ գործնական զարգացումները, այսքանով իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու ողջ հայութիւնը որոշակի յառաջխաղացք արձանագրեցին 10 Հոկտեմբեր 2009ի տեղատուութենէն ասդին։
Փաստօրէն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսպէս կոչուած Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրումը, «պսակումը» կազմելով Հայաստանի նախագահին «ֆութպոլային դիւանագիտութեան», առիթը կամ պատրուակը տուած էր միջազգային ընտանիքի շարք մը պետական թէ քաղաքական շրջանակներուն, որպէսզի Հայ Դատի յանձնախումբերուն կողմէ իրենց ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու դիմումներուն պատասխանեն վերապահութեամբ ու խուսափողականութեամբ, չըսելու համար՝ բացասականօրէ՛ն։
Աւելի՛ն. վերջին մէկուկէս–երկու տարուան ընթացքին, քիչ մը ամէն տեղ եւ ոչ միայն քաղաքական հանդիպումներու ատեն, այլեւ հրապարակային ելոյթներով ու պաշտօնական բարձրագոյն բեմերէ եւ ամպիոններէ մեր ժողովուրդին ուղղուեցան, «քաղաքավարօրէն» եւ «դիւանագիտականօրէն» բանաձեւուած, հետեւեալ իմաստով յորդորներ.
– Մի՛ խանգարէք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութեանց մերձեցման փորձերը. պատմութեան մէջ անցեալին պատահած ողբերգական դէպքերն ու հայութեան վիճակուած մեծ եղեռնը «ցեղասպանութիւն» կոչելով եւ, իբրեւ այդպիսին, անոր միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը պահանջելով՝ գործնապէս դուք կը դժուարացնէք հայեւթուրք յարաբերութեանց անցեալի տխուր էջը փակելու եւ ապագայ հաշտութեան նոր էջ մը բանալու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութեանց ինքնին այնքան դժուար, բայց «յուսադրի»չ քայլերը։
Երբեմն նաեւ անկեղծ սրտցաւութիւն կար նմանօրինակ խօսքերու եւ յորդորներու ետին։ Տարածաշրջանի ընդհանուր կայունութեամբ եւ խաղաղութեամբ շահագրգռուած պետական թէ քաղաքական շրջանակներ, իրաւացիօրէն, ուզեցին հաւատալ եւ փորձեցին նպաստել հայեւթուրք հաշտեցման փորձերուն։ Մանաւանդ որ Հայաստանի նախագահը ամէն առիթ ստեղծեց ու օգտագործեց՝ կրկնելու, վերահաստատելու եւ շեշտելու համար, որ հակառակ հարեւան մեր զոյգ երկիրներն ու ժողովուրդները իրարմէ բաժնող եւ իրարու հակադրող ողբերգական անցեալին՝ ինք վճռականօրէն յանձնառութեան տակ մտած է ներկան կարգաւորելու եւ ապագան հունաւորելու, որպէսզի նորահաս սերունդները կարենան թօթափել անցեալի «արհաւիրքակեդրոնութեան»… բեռը։
Ահա՛ այս բոլորի լոյսին տակ իրապէս դրական յառաջխաղացքի մը ազդանշանը տուին ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականներուն, ե՛ւ Շուէտի խորհրդարանականներուն վերջին նախաձեռնութիւնները՝ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին։ Մանաւանդ որ հայանպաստ զոյգ քուէարկութիւններն ալ եղան արգասիքը Հայ Դատի յանձնախումբերուն, Հայաստանի իշխանութեանց եւ հայ քաղաքական ուժերու միասնական կեցուածքին ու աշխատանքին։
Յատկապէս Հայաստանի իշխանութեանց պաշտօնական եւ աշխոյժ ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը անհրաժեշտ սրբագրումը մտցուցին Հ.Հ. նախագահին «ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ» սկսած եւ տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութիւններու ստորագրումին յանգած հին, բայց չհինցող բանավէճին մէջ՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց մեծ կնճռին շուրջ։
Ճիշդ է, Հայաստանի նախագահն ու իր որդեգրած արտաքին քաղաքականութիւնը իրագործող պաշտօնատարները այսօր ալ աշխարհին կը ներկայանան 10 Հոկտեմբերին ստորագրուած Արձանագրութիւնները յառաջ մղելու իրենց պատրաստակամութիւնը վերահաստատող պաշտօնական ելոյթներով։ Բայց նոյնպէս ճիշդ է, որ այդ յայտարարութիւնները արդէն կը կրեն շեշտակիօրէն դիւանագիտական դրոշմ եւ այլեւս շրթունքի տուրք չեն վճարեր՝ սեփական ժողովուրդին ուղղուած «արհաւիրքակեդրոնութիւնը» թօթափելու յանգերգին։
Աւելի՛ն. Հայաստանի իշխանութիւնները նոյնինքն Թուրքիոյ պետական այրերէն սկսած են պահանջել, որ այլեւս վերջ տան 10 Հոկտեմբերին ստորագրուած Արձանագրութիւններուն խորհրդարանական վաւերացման համար նախապայմաններ յառաջ քաշելու իրենց ձգձգումի վարքագծին… Հայաստան արդէն պաշտօնապէս անընդունելի կը գտնէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ ատրպէյճանական լուծէն Արցախի իրաւական անկախացումը հետապնդելու օրինական իր իրաւունքին դէմ պաշտօնական Անգարան արտայայտուի նախապայմաններու լեզուով։
Կը մնայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հաստատակամ կանգնին իրենց այսօրուան դիրքերուն վրայ։
Իսկ հաստատակամութեամբ զինուելու համար, պետական մեր այրերը իրենց կարգին հաշուի պէտք է նստին սեփական ժողովուրդի պատմութեան հետ։
Պաշտօնական Թուրքիան անտարակոյս դժուարութիւն ունի խոստովանելու եւ ընդունելու հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն ծրագրած ու գործադրած պետութեան իր «ժառանգութիւն»ը։
Բայց նման ոչ մէկ դժուարութիւն ունի պաշտօնական Երեւանը, երբ սեփական ժողովուրդի պատմութեան հետ հաշուի կը նստի՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնոտ կնճիռը լուծելու առաջադրանքով։
Ընդհակառակն՝ ժառանգորդն է Թուրքիոյ հետ ի վերջոյ յարաբերութեանց նոր էջ բանալու Հայկական Ողջմտութեան։
Նոյնիսկ Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութենէն անմիջապէս ետք, 1923–1925 թուականներուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կործանած եւ խորհրդային լուծը ամբողջապէս պարտադրուած էր մեր երկրին ու ժողովուրդին, իսկ Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան պարպուած էին հայութենէ, տարագրութեան մէջ գործող Եղեռնի եւ Անկախութեան Սերունդը իր մէջ գտաւ քաջութիւնը պատմական պատասխանատուութեամբ եւ ազգային ողջմտութեամբ բանալու հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնալի թղթածրարը։
Առաւելաբար դաշնակցական գործիչներու միջեւ բացուեցաւ աւելի քան ութսուն տարի առաջ ծաւալած հրապարակային բանավէճը հայեւթուրք յարաբերութեանց շուրջ։ Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ ե՛ւ Եղեռնի արհաւիրքին ժամանակ, ե՛ւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի շրջանին, ե՛ւ անկախութեան կործանման ու Սփիւռքի կազմակերպման տարիներուն՝ Դաշնակցութիւնն էր հայ քաղաքական մտքի առաջատար ուժը։
Եւ Դաշնակցութիւնը շատ ծանր կորուստներով դուրս եկաւ ազգային–քաղաքական այդ բանավէճէն։ Ինչպէս 1907ի իր 4րդ Ընդհանուր Ժողովին, նոյնպէս եւ 1925ի իր 10րդ Ընդհանուր Ժողովին, ռազմավարական արեւելումի միեւնոյն հիմնական հարցով՝ Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս մինչեւ ներքին պառակտումի եզրին հասաւ, բայց աւելի զօրաւոր հիմերով վերականգնեցաւ բանավէճէն։ Միայն դրսեւորումներով ներ–դաշնակցական էր բանավէճը. իսկ իր խորքով ու անդրադարձներու տարողութեամբ՝ անվիճելիօրէն համազգային էր։
Արեւմտահայու եւ արեւելահայու, ռուսամէտի եւ արեւմտամէտի, պետական մտածողութեան եւ ազգային–յեղափոխական ուղեգծի բեւեռացումները միշտ ալ գլուխ ցցած են խոր պառակտումի նման պահերու։ Հայեւթուրք յարաբերութեանց շուրջ ծաւալած այդ հին բանավէճը եւս առաւելագոյն սրութեամբ ու հակադրութեամբ երեւան հանեց այդ բեւեռացումները։ Անշուշտ արտաքին՝ մեծապետական ազդեցութիւններն ու ճնշումները ինչպէս 1907ին, այնպէս ալ 1925ին իրենց աւերը գործեցին։ Ծանրագոյն վնասներ կրեցինք։ Շահան Նաթալիի տարողութեամբ դաշնակցականներ մենք կորսնցուցինք այդ ժողովին։ Բայց պատմութիւնը կանգ առնել չի գիտեր, որքան ալ ծանր ըլլան հարուածներն ու կորուստները։ Եւ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը բացառութիւն պիտի չկազմէր։
Ճիշդ այդ ծանր ու դժուարին ժամանակաշրջանի ու բանավէճի ժառանգութեան հետ հաշուի նստելու հրամայականին կը վերաբերի խօսքը, երբ այսօր՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց մէջ նոր էջ մը բանալու դրօշը պարզած Հայաստանի վերանկախացեալ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կ՛ուղղուի մեր պատմութեան հետ հաշուի նստելու պահանջը։
Սիմոն Վրացեան լաւագոյնս կը խտացնէր այդ ժառանգութիւնը, երբ 1925ին իր խմբագրած «Ամերիկահայ Հանրագիտակ–Տարեգիրք»ի էջերուն խորագոյն պոռթկումով կը գրէր.–
«Ես գիտեմ՝ ի՛նչ ասել է հայ–թրքական յարաբերութիւն։ Ես գիտեմ, թէ որքան խորն է թշնամանքն ու ատելութիւնը այդ երկու ժողովուրդների միջեւ։ Գիտեմ նոյնպէս, թէ ի՛նչ կսկիծ կայ ամէն հայ մարդու սրտում։ Բայց եւ գիտեմ, որ հէնց մեր շահերի համար, հէնց հայ ժողովրդի ապագայի համար անհրաժեշտ է, որ մի տանելի կենցաղաձեւ ստեղծուի Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ։ Եւ համոզուած եմ, որ այդ օրը պիտի գայ։ Եւ իսկական իրատես ու հեռատես գործիչները պէտք է աշխատեն մօտեցնելու այդ օրը։ Քաղաքական գործիչները պէտք է ընդունակ լինեն յաղթել զգացմունքներին ու նախապաշարումներին եւ ամբոխային տրամադրութիւնից բարձր կանգնել»։
Պատմութիւնը թէ՛ Վրացեաններուն եւ թէ անոնց պատրաստած սերունդներուն սորվեցուց, որ միայն հայ քաղաքական գործիչներու իրատեսութեամբ ու հեռատեսութեամբ, նոյնիսկ անոնց անդուլ աշխատանքով, կարելի չէ մօտեցնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «տանելի կենցաղաձեւի մը» ստեղծման օրը։ Ամէնէն առաջ նոյնինքն դահիճին՝ ցեղասպանի ժառանգորդներուն մօտ պէտք է առաջանան այդ իրատեսութիւնն ու հեռատեսութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, այդ ոգիով գործելու յանձնառութիւնը։
Հայոց Եղեռնի ու Անկախութեան Սերունդը չունեցաւ իր ազգային ողջմտութեան ընդառաջող թուրք ղեկավարութիւն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի ղեկավար այսօրուան Սերունդը փաստօրէն աւելի բախտաւոր չեղաւ։
Եւ այնքան ատեն, որ թրքական պետութեան ղեկին դեռ չէ հասած Հայկական Ցեղասպանութեան «ժառանգութեան» հետ հաշուի նստող՝ գործուած ծանրագոյն ոճիրը խոստովանող եւ արդարութիւնը վերականգնելու պատրաստակամութեամբ զինուած ղեկավարութիւն, Հայաստանի ոչ մէկ նախագահ ի վիճակի է իր իրատեսութեան եւ հեռատեսութեան հաղորդ խօսակից գտնելու թուրք ղեկավարութեան մէջ։
Մ. Նահանգներու քոնկրէսականներուն եւ Շուէտի խորհրդարանականներուն հայնապաստ վերջին նախաձեռնութիւնները առիթը տուին անդրադառնալու նաեւ պատմութեան այս դաժան դասին։