ՊՈԼԻՍ.- Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նորանշանակ ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան, Մարտ 9ին այցելած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան, ուր նշած է, թէ իր պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր ցանկութիւն ունեցած էր պաշտօնական իր առաջին այցելութիւնը սկսիլ պատրիարքարանէն:
Պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի ղեկավար, արք. Արամ Աթեշեան բարի գալուստ մաղթած է հիւրին, ապա տեղեկութիւններ հաղորդած է պատրիարքարանին եւ Պոլսոյ հայ համայնքին մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.