ԹԵՀՐԱՆ.- Ըստ «The Armenian Reporter»ին, Սիլվա Յարութիւնեան, որ աւելի քան քսան ամիս մնաց իրանական բանտին մէջ, ազատ արձակուած է:
Մարտ 10ին, ԱՄՆի կողմէ հովանաւորուող Միջազգային հետազօտութեան եւ փոխանակման խորհուրդը (IREX), որուն աշխատակիցն է Սիլվան, շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան՝ Սիլվայի ազատ արձակման գործին մէջ անոր ունեցած ներդրումին համար:
Յարութիւնեան Իրանի քաղաքացի է: Ան ձերբակալուած էր 2008ի, Յունիս 26ին, «Իրանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութիւն կազմակերպելու» մեղադրանքով:
Սիլվա Յարութիւնեանի ճակատագրին կապակցութեամբ, հայաստանցի լրագրողներ 2009ի Յուլիսին դիմած էին Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան սէյիտ Ալի Սաղիեանի: «Ինչ կը վերաբերի տիկին Յարութիւնեանին, ապա ան նաեւ իմ հայրենակիցս կը համարուի: Ես, անկեղծօրէն, տեղեակ չեմ դատական գործընթացին մասին: Կը կարծեմ, որ դատական իշխանութիւնն է, որ այդ հարցին մասին պէտք է պատասխան տայ: Սակայն յոյսով եմ, որ ըստ այդ դիմումին, զոր անոր հարազատները ներկայացուցած են, շուտով ան ներում կը ստանայ», ըսած էր Իրանի դեսպանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.