ԹԱԼԻՆ.- Ըստ «Արմիանսքի Վեսթնիք Էսթոնիա»ի, Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ մը, որ նպատակ ունի ստեղծել հայկական քաղաքական կուսակցութիւն մը: Արդէն իսկ կը մշակուին կուսակցութեան կանոնադրութիւնն ու ծրագիրը:
Նշենք, որ Էսթոնիոյ հանրապետութեան մէջ կը բնակի շուրջ 2000 հայ, իսկ տեղի «Քաղաքական կուսակցութիւններու մասին» օրէնքին համաձայն, նոր կուսակցութեան ձեւաւորման համար անհրաժեշտ է նուազագոյնը 1000 անդամ:
Կուսակցութիւն հիմնելու նախաձեռնող խումբը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուած է. «Այսօր, երբ քաղաքակիրթ աշխարհը կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, մենք՝ էսթոնիաբնակ հայերս, պէտք չէ անմասն մնանք երկար սպասուած պատմական իրադարձութենէն»: Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, յառաջիկային Էսթոնիոյ հայկական կուսակցութիւնը պիտի ձգտի ունենալ սեփական եւ բոլորին մատչելի անկախ, հայալեզու լրատուամիջոց մը։ Անիկա նաեւ պիտի աշխատի ունենալ իր ներկայացուցիչները պետական իշխանութեան ստորին եւ վերին օղակներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.