ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հայ Դատի պայքարին մէջ յաճախ կրցած ենք օտարներուն աջակցութիւնը ապահովել, բայց հազուագիւտ են թուրքերէ եկած օժանդակութիւնները: Սակայն, իր անցեալը եւրոպական նորագոյն տարազներուն տակ ծածկել փորձող Թուրքիոյ վերնախաւը, երբեմն, իր սայթաքումներուն ընթացքին շատ արժէքաւոր ներդրում կ՛ունենայ Թուրքիոյ եւ թուրքերուն իսկական դիմագիծն ու պատմութիւնը ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու հայութեան մղած պայքարին մէջ:
Ամէն ինչ հակակշռի (այս պարագային՝ քօղի) տակ պահելու թուրք ղեկավարներուն իսկապէս դժուար գործին մէջ երկվայրկեանական խախտում մը, ինչպիսին էր Թուրքիա գտնուող հայաստանցի գաղթականները արտաքսելու մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Լոնտոնի յայտարարութիւնը, կրնայ դարմանուիլ միայն շաբաթներու եւ ամիսներու վրայ երկարող աշխատանքով մը:
Թուրքերու հիւրասիրութեան վարկը ակնթարթի մը մէջ ոտնակոխած Էրտողանը, արդէն իսկ կը փորձէ կացութիւնը դարմանել դարձեա՛լ թրքական ոճով, այսինքն՝ յարձակելով: Արդարեւ, կասկածներ ունեցողներուն առջեւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտ գործելաոճը բացայայտած իր սխալը ընդունելու փոխարէն, Էրտողան յայտարարած է. «Իմ երկրիս պատմութիւնը մաքուր է, փառաւոր, առասպելական եւ լուսաւոր, եւ ոչ ոք կրնայ զայն սեւցնել»։ Հաւատացող կա՞յ: Հայելի մը պէտք է նուիրել Էրտողանին, որպէսզի տեսնէ Թուրքիոյ կարմիր պատմութեան սեւցնողներէն մէկը: