ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հանրածանօթ իրականութիւն մըն է, որ թուրք ղեկավարները բացառիկ դիւանագէտներ են։ Սակայն հազիւ թէ լսեն Հայկական Ցեղասպանութիւն, Յունաստան, Կիպրոս եւ Քիւրտիստան անունները, այդ դիւանագէտները կը կորսնցնեն իրենց «պաղարիւնութիւնը» եւ կը միտին զգացական պոռթկումներու եւ ոչ դիւանագիտական արարքներու, որոնք կը վնասեն իրենց սեփական շահերը:
Նկատի ունենալով, որ այս տարի հայերը կը տօնեն Հայկական Ցեղասպանութեան իննսունհինգերորդ տարեդարձը, թուրք պաշտօնատարները ջղային կերպով կը պատրաստուին ոգեկոչումներու գալիք «ցունամիին» համար, որ միջազգային համայնքին պիտի յիշեցնէ օսմանցի թուրքերուն կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները։
Առաջին չակնկալուած կապարը կրակուեցաւ 26 Փետրուարին, Քաթալոնիոյ (Սպանիա) ինքնիշխան կառավարութեան կողմէ, երբ ան միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Թուրք արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու անմիջապէս կապ հաստատեց իր սպանացի պաշտօնակիցին եւ քաթալոնիացի պաշտօնատարներու հետ՝ իր զայրոյթը արտայայտելով եւ ներողութիւն պահանջելով:
Երկու օր ետք Հայկական Ցեղասպանութեան մասին յայտագիր մը ցուցադրուեցաւ «Սի.Պի.Էս.»ի «Սիքսթի Մինիթս» հաղորդումէն՝ ցուցադրելով հայ զոհերու ոսկորները, որոնք ցայսօր՝ շուրջ մէկ դար ետք, կը յայտնուին սուրիական անապատին մէջ: Թուրքերը՝ զայրոյթէն կապտած, հայերը կ՛ամբաստանէին «Սի.Պի.Էս.»ի վրայ մեծ ճնշում բանեցնելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ, ըստ սովորութեան, հարցականի տակ կ՛առնէին ոսկորներուն եւ աւազին վստահելիութիւնը:
Չորս օր ետք Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը որդեգրեց օրինագիծ մը, որ կը ճանչնար Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Թուրքիա պարտուեցաւ, հակառակ՝
* Օրինագիծին դէմ կենալու համար Օպամայի վարչամեքենային վրայ ճնշում բանեցնելուն.
* Բազմամիլիոն տոլարի լոպիինկի հաստատութիւններ վարձելուն.
* Թուրք խորհրդարանականներու խումբեր Ուաշինկթըն ուղարկելուն.
* Թուրք-ամերիկացիներուն եւ ազերի-ամերիկացիներուն կողմէ ե-նամակի արշաւներուն.
* Օրինագիծին դէմ չկենալու պարագային Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան ընկերութիւններուն շանթաժ սպառնալուն։
Քուէարկութիւնը կորսնցնելէ անմիջապէս ետք Թուրքիա տուն կանչեց իր դեսպանը Ուաշինկթընէն՝ ակնարկելով, թէ ան Անգարա պիտի մնար մինչեւ 24 Ապրիլէն ետք։ Պետական նախարար Զաֆեր Ճակլայան յետաձգեց Միացեալ Նահանգներ կատարելիք իր այցելութիւնը, որուն նպատակն էր տնտեսական կապերուն զարգացում, «մինչեւ որ Միացեալ Նահանգները սրբագրէ իր սխալը»։ 16 եւ 17 Մարտին, Թուրք ճարտարարուեստի մարզի պատասխանատուներու եւ գործարարներու ընկերակցութեան գործադիր մարմինի Ուաշինկթըն կատարելիք ճամբորդութիւնը եւս ջնջուեցաւ, ինչպէս նաեւ հակա-ամերիկեան ցոյցեր կազմակերպուեցան թրքական քաղաքներու մէջ։ Աւելի կարեւոր է այն, որ վարչապետ Էրտողան ակնարկութիւն ըրաւ, թէ ինք կրնայ ըլլալ հրաժարի յառաջիկայ ամիս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք միջուկային ապահովութեան համաշխարհային գագաթնաժողովի մասնակցութենէն։
Նախքան թրքական պոռթկումներուն հանդարտիլը, Շուէտի խորհրդարանը երկրորդ կործանարար հարուած մը հասցուց Անգարայի 11 Մարտին՝ վերահաստատելով հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն ցեղասպանութիւնը՝ 130ի դիմաց 131 քուէով։ Անգամ մը եւս Թուրքիա տուն կանչեց իր դեսպանը եւ վարչապետ Էրտողան ջնջեց մօտերս Սթոքհոլմ կատարելիք իր այցելութիւնը, որուն ընթացքին անոր պիտի ընկերակցէր առեւտրական մարզի ներկայացուցիչներու մեծ պատուիրակութիւն մը։ Եւ դարձեալ հակաշուէտական ցոյցեր կազմակերպուեցան թրքական շարք մը քաղաքներու մէջ։
Այս չափազանցուած կերպով հանդիսաւոր հակազդեցութիւնները գրելու առատ նիւթ հայթայթեցին թուրք եւ օտար յօդուածագիրներուն՝ մտածել տալով, որ եթէ ուրիշ երկիրներ եւս ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը, շուտով Թուրքիա դեսպաններ պիտի չունենայ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ, եւ թուրք պաշտօնատարներ այցելութիւններ պիտի չտան ուրիշ երկիրներ՝ ստիպուած ըլլալով ջնջել իրենց արտաքին ուղեւորութիւնները։ Աւելին, Թուրքիա պիտի մնայ առանց ներածուած ապրանքներու եւ տկար բանակով, այդպիսով դադրեցնելով արտաքին աշխարհէն կատարելիք իր գնումները։ Թուրքիոյ մեկուսացումը արդար հատուցում մըն է իր ուրացման քաղաքականութեան դիմաց։ Ուրիշները պատժել փորձելով՝ Թուրքիա պարզապէս ինքզինք կը պատժէ:
Օհայօ նահանգի Սինսինաթի շրջանէն Վահէ Մակարեան անցեալ շաբաթ դիպուկ նամակ մը ուղարկեց «Նիւ Եորք Թայմզ»ին, առաջարկելով, որ «Թուրքիոյ յետկոչուած դեսպանները թռիչքի փոխարէն իրենց ոտքերը գործածէին՝ հետիոտն տուն երթալու։ Բռնի քայլարշաւները ճամբորդութեան նախասիրուած միջոցն էին Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն»։
Ականաւոր թուրք յօդուածագիր Ճան Տունտար «Հապեր1»ի մէջ ստորագրեց յօդուած մը՝ «Արդեօք մենք մեր բոլո՞ր դեսպանները տուն պիտի կանչենք» խորագիրով։ Ան նշեց, թէ այս ընթացքով, մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարեդարձը՝ 2015ին, պիտի չմնայ երկիր մը, որ Թուրքիան Ցեղասպանութեամբ չ՛ամբաստանէ։ «Արդեօք հասած չէ՞ ժամանակը, որ մենք փնտռենք եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ աղտոտ գործեր ըրած են մեր նախահայրերը իննսունհինգ տարի առաջ։ Պէտք չէ՞ հարց տանք, թէ ի՛նչ սխալ գործած ենք», հարց տուաւ Տունտար։
Ամէն անգամ, երբ Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը ճանչցուի եւս մէկ այլ երկրի մը կողմէ, թուրք պաշտօնատարները կը մատնուին խուճապի, որուն գլխաւոր պատճառը այն վախն է, թէ իրենցմէ պիտի պահանջուի փոխ հատուցում՝ հայերուն կորուստներուն համար, ինչպէս նաեւ գրաւեալ հողերու վերադարձ։ Վարչապետ Էրտողան եւ իր պաշտօնակիցները, կարծէք, չեն հասկնար, թէ Ցեղասպանութիւն ճանչնալը ինքնին օրինական պահանջներու չ՛առաջնորդեր։ Քանի՞ ինչ հող կորցած են ձեռք բերել հայերը աւելի քան քսան երկիրներու կողմէ այս ձեւի ճանաչումներով։ Եթէ թուրք ղեկավարները միայն հասկնան, թէ խորհրդարանական օրինագիծերը չունին օրինական ազդեցութիւն, թերեւս այդքան ալ չզգացուին անոնց պատճառով:
Այդուհանդերձ, անկասկա՛ծ, հայերը տակաւին կը պահանջեն Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց պապենական հողերուն վերադարձը։ Այդ ձեւի պահանջները պէտք է ներկայացուին շարք մը դատարաններու, բացի եթէ չակնկալուած յեղաշրջական դէպք մը պատահի՝ պատճառ դառնալով Թրքական պետութեան փլուզման կամ քայքայման:
Մինչ այդ, մենք խորհուրդ կու տանք պարոն Էրտողանին, որ շարունակէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը իրեն ընծայուած ամէն առիթի, որպէսզի քաջալերէ հայերը յարատեւելու Անգարայի սուտերու բացայայտման իրենց ջանքերուն մէջ։ Եթէ թուրք պաշտօնատարներուն բուռն ուրացումները չըլլային, հեռատեսիլային վաւերագրական յայտագիրներու եւ օրինագիծերու միջոցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնները վերահաստատելու համաշխարհային աղաղակը պիտի չբարձրանար:
Պարոն Էրտողան, հաճեցէք շարունակել ձեր լաւ գործը։ Հայերը պէտք ունին ձեր ազնիւ աջակցութեան՝ հետապնդելու համար իրենց Դատը, մինչեւ արդարութեան գործադրումը։
«Քալիֆորնիա Քուրիր»ի խմբագիր